ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նորվեկիոյ պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի միութիւնը Ուրբաթ, Յունիս 1ին բողոք յայտնած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ Պաքուի մէջ նորվեկիացի լրագրողը օդակայանին մէջ մերկացնելու, ծեծի ենթարկելու եւ մահ սպառնալու կապակցութեամբ: Լրագրողին հարցաքննութեան մասնակցած են 7 ոստիկաններ: Միութիւնը այս քայլը Ատրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտում որակած է:
Միւս կողմէ՝ Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդական Ալի Հասանով քննադատած է Եւրոխորհրդարանը, միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները, Իրանն ու այլ պետութիւններ, որոնք վերջերս քննադատած են Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց ոտնակոխումները՝ անընդունելի համարելով այն իրողութիւնը, որ «այդ կազմակերպութիւնները Ատրպէյճանը կը համարեն յետամնաց ափրիկեան պետութիւն մը»: Ան նոյնիսկ հրահանգած է՝ ըսելով. «Եւրոպան պէտք է լռէ, որովհետեւ, երբ Ատրպէյճանի մէջ մշակոյթ կար, Եւրոպայի մէջ մշակոյթը ընդհանրապէս կը բացակայէր»:
Ան նաեւ ցաւ յայտնած է, որ Ատրպէյճանը քննադատողները վերջին 20 տարիներուն «ոչինչ ըսած են ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին», ու ինքզինք աւելի վարկաբեկելով՝ աւելցուցած է. «Աշխարհի մէջ ոչ մէկ տեղ ընդդիմութիւնը այնքա՛ն ազատ է, որքան Ատրպէյճանի մէջ»: Հասանով միաժամանակ դատապարտած է Ատրպէյճանի կառավարութեան ընդդիմադիրները՝ զանոնք ամբաստանելով «հակաատրպէյճանականութեամբ եւ հակապետական գործունէութեամբ»: Դիմելով Թեհրանին՝ ան աւելցուցած է. «Իրանի մէջ ամէն բան կեղծ է. թէ՛ ձեր կրօնը եւ թէ ձեր կրօնական առաջնորդները»: