ՄՈՆԹՐԷԱԼ, «Հորիզոն».- Մայիս 29ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրով Մոնթրէալի Հայ կեդրոն այցելեցին Գանատայի մարդկային իրաւանց թանգարանի հանրային յարաբերութեանց պատասխանատու Անժէլա Քասի եւ արխիւներու հետազօտութեանց բաժանմունքի վարիչ տոքթ. Քլինթ Քըրլ:
Պաշտօնական այս հանդիպման նպատակն էր գանատահայութեան համայնքային ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներուն ծանօթացնել Մարդկային իրաւանց թանգարանին մասին: Հանդիպման ներկայ էին Գանատայի մէջ գործող ազգային հաստատութիւններու, եկեղեցական յարանուանութիւններու, միութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու շրջանային ներկայացուցիչներ:
Ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի աշխատանքներու պատասխանատու Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան կատարեց հանդիպման բացումը եւ հրաւիրեց Անժէլա Քասին որ տեղեկութիւններ փոխանցէ թանգարանին մասին: Անժէլա Քասի յայտնեց, որ թանգարանը կը գտնուի Մանիթոպա նահանգի Ուինիփէկ քաղաքին մէջ: Կառուցման աշխատանքները սկսած են 2007ին եւ պիտի աւարտին 2014ին: 2007ին, վարչապետ Հարփըր թանգարանը հռչակեց ազգային թանգարաններուն շարքին գործող թանգարան:
Անժելա Քասի թուեց թանգարանի տարբեր բաժանմունքներու եւ յարկերուն մէջ ներկայացուած տաղաւարները: Թանգարանի մուտքի սրահին առաջին տաղաւարին մէջ կը բացատրուի մարդ անհատի իրաւունքներու համաշխարհային հասկացողութիւնը: Յաջորդ տաղաւարին մէջ կը ներկայացուի Գանատայի բնիկ հնդիկներու ցեղախումբերու պատմութիւնն ու մշակոյթը ու անոնց դէմ գործուած մարդկային իրաւանց խախտումները: Յաջորդող սրահներուն մէջ կը գտնուին երկխօսութեան տաղաւարն ու վաւերագրական ժապաւէններու եւ արխիւային լուսանկարներու տաղաւարը:
Անժելա Քասի յայտնեց նաեւ, թէ թանգարանը կը գտնուի յատուկ դաստիարակչական ծրագիր մը մշակելու գործընթացին մէջ, որուն նպատակն է Գանատայի վարժարաններու բարձրագոյն դասարաններու մէջ մարդկային իրաւանց եւ ցեղասպանութեանց պատմութիւնը ուսուցանել:
Թանգարանի երրորդ յարկի ազգերու ցեղասպանութեանց նուիրուած բաժանմունքին մասին բացատրութիւններ փոխանցեց տոքթ. Քլինթ Քըրլ: Հրէական Ողջակիզումի բաժանմունքի Ռաֆայէլ Լեմքինի ձօնուած տաղաւարին մէջ, ցեղասպանութիւն յղացքի բացատրութեան ընդմէջէն, կը ծանօթացուի տարբեր ցեղասպանութիւններու մասին: Այստեղ կը ներկայացուի մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու պատմականը, յատուկ շեշտ դնելով հրէական, հայկական, ռուանտական ցեղասպանութեանց, ուքրանական սովասպանութեան եւ Սրեպրինիքայի ջարդին մասին: Այս յարկի վերջին ենթաբաժինը կ՛անդրադառնայ ցեղասպանութեան ժխտումին եւ ուրացումին մասին եւ այդ երեւոյթը համաշխարհայնօրէն դատապարտելու անհրաժեշտութեան մասին:
Տոքթ. Քլինթ խօսքի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին, անցնող տարիներու համագործակցութեան համար, «Զօրեան» հիմնարկին, Հայաստանի Ցեղասպանութեան թանգարանին եւ Արմին Վեկների արխիւային հաստատութեան:
Ներկայացումներու աւարտին առիթ տրուեցաւ հարցումներու, որոնց պատասխանեցին թանգարանի պատուիրակութեան անդամները: