ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, Մայիս 18ի կէսօրին, Ազգ. առաջնորդարանի յարկին տակ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի նոր նշանակեալ գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմի։ Հանդիպման ներկայ եղան Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան եւ Ազգ. վարչութեան փոխատենապետ Ճորճ Չորպաճեան։
Լիբանանցի դիւանագէտին քաղաքավարական այցելութիւնը փոխադարձութիւն մըն էր սրբազանի շնորհաւորական այցելութեան։ Հանդիպումը առիթ եղաւ ընդհանուր գիծերու մէջ ծանօթացնելու առաջնորդարանի առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր հովանիին տակ տարուող եկեղեցական եւ ուսումնական աշխատանքներուն ծիրը։ Կարեւորութեամբ վեր առնուեցաւ այն իրողութիւնը, որ Լիբանանէն Միացեալ Նահանգներ հաստատուած լիբանանցիներ, ի շարս որոնց՝ հայեր, սերտօրէն կապուած կը զգան լիբանանեան հայրենիքին ու կը գործեն ի խնդիր անոր բարօրութեան։ Հիւր դիւանագէտը դրուատիքով խօսեցաւ Լիբանանի հայութեան հայրենասիրական վերաբերմունքին ու Լիբանանի հասարակական կեանքին մէջ անոր ունեցած ներդրումին մասին։
Սրբազանը հրաժեշտի պահուն հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմի նուիրեց առաջնորդարանն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ծանօթացնող հրատարակութիւններ։