ՊԸՐՊԵՆՔ.- Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, Յունիս 13ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին տեղի պիտի ունենայ Սիրուն Երէցեանի ստեղծագործութեանց ցուցահանդէսի եւ անոր նկարչական գործերու հաւաքածոյին ներկայացումը, Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանին մէջ (3325 N. Glenoaks Blvd., Burbank, CA 91504): Ելոյթ պիտի ունենան դոկտ. Արփի Սարաֆեան եւ Հերի Մեսրոպեան:
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ նաեւ Յունիս 14ին, երեկոյեան ժամը 7էն 9: