ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- 1 Յունիսին մայրաքաղաքի Եզնիկ Կողբացի 42 հասցէով փողոցին մէջ տեղադրուեցաւ հայ հոգեւոր եւ դասական երաժշտութեան ու շարականներու լաւագոյն կատարող Լուսինէ Զաքարեանի նուիրուած յուշաքարը:
Այս նախաձեռնութեան համար ընտրուած էր 1 Յունիսը, որովհետեւ Լուսինէ Զաքարեան, որ 20 տարի առաջ մահացած է, այդ թուականին պիտի ըլլար 75 տարեկան:
Նշանաւոր երգչուհիին ծննդեան առիթով, Եզնիկ Կողբացի-42 վայրին մէջ, ուր երկար տարիներ ապրած են Լուսինէ Զաքարեան եւ Խորէն Պալեան ամուսինները, հաւաքուած էին մայրաքաղաքի երաժշտասէրներ, Լուսինէի արուեստը գնահատող քաղաքացիներ, դրացիներ, որոնք մինչեւ օրս կը հպարտանան նշանաւոր դրացիներ ունենալով։
Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի փրոֆեսէօր Դաւիթ Ղազարեան իր խօսքին մէջ նշեց , որ Լուսինէ Զաքարեան այն անձ էր, որ իր անձն ու կեանքը նուիրած էր հոգեւոր երաժշտութեան տարածման, բան մը, որ 60ականներուն եկեղեցւոյ պատերէն դուրս՝ համերգային այլ դահլիճներու մէջ հնչեցնելը բաւական բարդ ու համարձակ քայլ էր:
Աւելի՛ն. նոյն համալսարանի Երաժշտութեան պատմութեան ամպիոնի վարիչ Արաքսի Սարեան այդ մէկը յեղափոխութիւն նկատեց մեր հոգեւոր երաժշտութեան կեանքի մէջ: «Անկրկնելի էր Լուսինէ-Սուետլանա Զաքարեանը: Երգում էր Լուսինէն՝ հողեղէն երկրից վերացած եւ երգում էր այնպէս, որ մենք ապրո՛ւմ էինք այն զգացումները, ինչը կարող է մարդն ապրել՝ երեւի երկնքում», ըսած է Արաքսի Սարեան:
Արարողութեան մասնակցող Մայր Աթոռի ներկայացուցիչ Անոյշաւան սարկաւագը եւս անդրադարձաւ Լուսինէ Զաքարեանի հետ իր ունեցած անձնական յիշատակներուն: Ան պատմեց, որ արդէն վատառողջ Լուսինէ Զաքարեանը, ինչպէս միշտ, պատարագի երգեցողութենէն առաջ բոլոր սրբապատկերները կը համբուրէր ու կ՛աղօթէր, եւ երբ Անոյշաւան սարկաւագը երգչուհիին կ՛օգնէր կանգնելու երգեհոնին մօտ եւ երգելու «Հրեշտակային»ը՝ կը յորդորէր, որ ան քիչ մը հանգստանայ։
«Ասում էր ես չեմ երգում՝ Աստուած ինձ օգնում է, որպէսզի ես կարողանամ իրեն ճիշդ փառաբանել», պատմեց սարկաւագը:
Անուշաւան սարկաւագ յիշեց նաեւ յուզիչ այլ պահ մը՝ երգչուհիի թաղման արարողութեան ատեն երջանկայիշատակ վեհափառ հայրապետ Վազգէն Ա.ի ըսած հետեւեալ խօսքը. «Ես հաւատացած եմ, որ երկնքի մէջ հրեշտակ մը աւելցաւ»:
Յիշեցնենք, որ Վազգէն Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, որ բարձր կը գնահատէր Լուսինէ Զաքարեանի արուեստը, կատարեց անոր վերջին ցանկութիւնը, եւ այժմ Լուսինէի դին կը հանգչի Սուրբ Գայիանէ եկեղեցւոյ բակին մէջ: