ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 31 Մայիսին ընդունած է ռուսաստանաբնակ բարերար Ռուբէն Վարդանեանը:
Երկուքին միջեւ կայացած դռնփակ հանդիպումէն ետք Արցախի մէջ իրականացուող տարբեր ծրագիրներուն մասին քննարկումներ կատարուած է՝ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան խումբ մը անդամներուն մասնակցութեամբ։
Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է բարերարին՝ Արցախին աջակցելու համար։ Ան նշած է, որ Սփիւռքի հետ տնտեսական յարաբերութիւններու ամրապնդումն ու ընդարձակումը շատ կարեւոր է հանրապետութեան տարբեր բնագաւառներու զարգացման համար։
Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ վարչապետ Արա Յարութիւնեանը եւ շարք մը այլ պաշտօնատարներ։