ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 4 Յունիսին նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը: Ողջունելով հիւրը՝ Հանրապետութեան ղեկավարը անդրադարձած է երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 20 տարուան անկեղծ յարաբերութիւններուն, որոնք պատճառ դարձած են նաեւ ժողովուրդներուն միջեւ կապերու հաստատման։ «Ուրախ եմ, որ այսօր մենք կարող ենք խօսել այն մասին, որ մեր լաւ յարաբերութիւնների ստեղծմանը նպաստել են ինչպէս մեր երկու ժողովուրդների այդ կապերը, Միացեալ Նահանգներում բնակուող հոծ հայկական համայնքը, այնպէս էլ ազատութեան, արդարութեան, ժողովրդավարութեան գաղափարները», ըսած է ան:
Նախագահը բարձր գնահատած է նաեւ տարածաշրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու ունեցած դերակատարութիւնն ու Հայաստանին օժանդակելու տարբեր նախաձեռնութիւնները։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնած է, որ վերջին 20 տարիներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգները սերտօրէն համագործակցած է Հայաստանի հետ՝ միշտ արժեւորելով զայն եւ շարունակելով սատար հանդիսանալ Հայաստանին եւ անոր ժողովուրդին զարգացման ու աճող բարեկեցութեան:
«Ես եւ նախագահ Օպաման բարձր կը գնահատենք Ձեզի հետ ունեցած մեր կապերը: Եւ ես գիտեմ, թէ Դուք անձամբ ինչպիսի ջանասիրութեամբ աշխատած էք Հայաստանին առնչուող տարածաշրջանային խնդիրներուն լուծում գտնելու համար: Այսպիսով, կ՛ակնկալենք շարունակել երկխօսութիւնը: Միացեալ Նահանգները պատրաստակամ է օժանդակելու եւ աջակցելու Ձեր շարունակական գործունէութեան՝ իբրեւ հիանալի առաջնորդ», եզրափակած է Քլինթըն։
Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարները աւելի ուշ տուած են միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին նախարար Քլինթըն յայտարարած է, որ ուժի կիրառումը չի լուծեր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը. այդ պատճառով ալ ուժ պէտք չէ օգտագործուի: Ան դիտել տուաւ, որ նախագահ Սարգսեանի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը եւ սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցած վերջին միջադէպերը: Քլինթըն դիտել տուած է, որ ինք մտահոգ է սահմանին վրայ տիրող լարուած ու վտանգաւոր կացութեամբ, ինչպէս նաեւ երիտասարդ զինուորներու եւ անմեղ քաղաքացիներու սպանութեամբ։
Նախարար Հիլըրի Քլինթըն կոչ ուղղեց կողմերուն՝ ուժի գործածութենէն եւ բռնութիւններէն հեռու մնալու։ «Ես նախագահին վստահեցուցի, որ այս արտայայտութիւնները պիտի ունենամ նաեւ Պաքու մէջ, ուր պիտի այցելեմ յառաջիկայ օրերուն: Այս միջադէպերը աւելի եւս շեշտը կը դնեն բանակցային գործընթացին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու անհրաժեշտութեան վրայ», նշած է ան։ Նախարարը աւելցուցած է, որ իբրեւ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր՝ Միացեալ Նահանգներ յանձնառութիւն ունի աշխատելու բոլոր կողմերուն հետ յառաջընթաց արձանագրելու համար:
Քլինթըն դիտել տուաւ, որ պէտք է գտնուի այնպիսի ճամբայ մը, որ վերաբերի ո՛չ միայն առաջնորդներուն միջեւ գործունէութեան, այլ նաեւ քաղաքացիներուն՝ տարածաշրջանի ժողովուրդներու խաղաղ եւ արժանապատիւ համակեցութեան ապահովման ի խնդիր:
Հայ–թրքական արձանագրութիւններուն մասին խօսելով՝ նախարար Քլինթըն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցի հայ-թրքական արձանագրութիւններու վաւերացման՝ առանց նախապայմաններու: Ան նշեց, որ, ըստ ամերիկեան տեսակէտին, ժամանակակից աշխարհին մէջ այդ է ճիշդ ճամբան։ Նախարարը աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ կը փափաքի բարելաւուած տեսնել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները: