ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար զօր. Եահիա Ռահիմ Սաֆաւի, սուրիական տագնապին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը քննադատելով՝ ըսած է. «Ամերիկացիները, իսրայէլացիները եւ որոշ արաբական երկիրներ, մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիան ու Քաթարը, Թուրքիոյ պատուիրած են՝ իրենց նպատակներուն հասնելու համար Պաշշար Ասատի կառավարութեան յեղաշրջումը կազմակերպել»:
Ան աւելցուցած է, որ Քաթարը, Սէուտական Արաբիան եւ Թուրքիան կը գործեն սիոնականութեան եւ Միացեալ Նահանգներու շահերուն հիմամբ:
«Անոնք յոյս ունին տկարացնել եւ կործանել հակազդեցութեան առանցքը, որ կազմուած է Իրանէն, Սուրիայէն եւ «Հըզպալլա»էն», ըսած է ան:
«Թուրքիա Իսրայէլի սպասուհին է», աւելցուցած է զօրավարը՝ միաժամանակ «լաւ» նկատելով թուրք-իրանեան յարաբերութիւնները եւ յոյս յայտնելով, որ իսրայէլեան քայլերը չեն խաթարեր զանոնք:
Ան դարձեալ ազդարարած է, որ եթէ Իսրայէլ եւ Ամերիկա ռմբակոծեն Իրանի հիւլէական կեդրոնները, ապա իրանական կողմը հարուածներ պիտի հասցնէ Թուրքիա հաստատուած ամերիկեան ռազմական խարիսխներուն: