ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան իր տեղակալ Պեքիր Պոզտաղին յանձնարարած է «հայկական Սփիւռքի նմանութեամբ թրքական սփիւռք ձեւաւորել». այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, որ կ՛աւելցնէ, թէ Պոզտաղ արդէն իսկ սկսած է այդ նպատակով աշխատանքի եւ արտերկրի մօտաւորապէս 6 միլիոն թուրքերու ներկայացուցիչներուն համար, Յունիս 7-8 հանդիպում մը կազմակերպած է Անգարայի մէջ:
Թրքական սփիւռքը «ձեւաւորելու» սոյն հաւաքին հրաւիրուած են Թուրքիայէն դուրս գործող թրքական եւ «եղբայրական» 500 կազմակերպութիւններու ու հիմնադրամներու ներկայացուցիչներ՝ քննարկելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող ֆրանսական օրինագիծի դէմ պայքարէն սկսեալ մինչեւ Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու եւ Եւրոմիութեան հետ այցագիրի դրութիւնը վերցնելու առնչուող հարցեր:
«Թրքական սփիւռքի ներկայացուցիչներուն հետ նման հանդիպումներ յաճախակի պիտի ըլլան: Այդ աշխատանքներուն պիտի ներգրաւուին նաեւ նախարարներ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը պէտք է սփիւռքի համար իր ոլորտին առնչուող հարցերուն շուրջ առանձին ռազմավարութիւն մշակէ», յայտարարած է Պոզտաղ: