ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայ Ազգային Կոնգրեսը 5 Յունիսին Ազգային ժողովին մէջ գումարած է իր խմբակցութեան անդրանիկ նիստը: Նիստի աւարտէն ետք ՀԱԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ իրենք կը հրաժարին 12 մնայուն յանձնաժողովներուն մէջ իրենց բաժին ինկած մէկ փոխնախագահի պաշտօնէն, բայց պիտի մասնակցին բոլոր յանձնաժողովներու աշխատանքներուն:
Նախնական տուեալներով, Գագիկ æհանգիրեան պիտի մասնակցի պետաիրաւական հարցերու, Լիւդմիլա Սարգսեան՝ ընկերային, Հրանդ Բագրատեան՝ տնտեսական, Արամ Մանուկեան՝ եւրաինտեկրման հարցերով մնայուն յանձնաժողովներու նիստերուն:
ՀԱԿ խմբակցութեան անդամ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է նաեւ, որ համապատասխան քաղաքական պայմաններու առկայութեան պարագային ՀԱԿ խմբակցութիւնը խորհրդարանին մէջ պիտի բարձրացնէ Սերժ Սարգսեանը պաշտօնանկ ըլլալու հարցը, բայց այդ մէկը նախ պէտք է սկսի փողոցէն, յետոյ փոխադրուի խորհրդարան։