ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Շարժապատկերի բեմադրիչ Արսէն Յակոբեանի նոր՝ «Արարատից Եւրոպա» ֆիլմը, կը պատմէ Վերածնունդի ժամանակաշրջանի մեծն Լէօնարտօ տա Վինչիի Կիլիկիա, մասնաւորապէս՝ Տաւրոսի լեռներ կատարած ճանապարհորդութեան մասին:
Ըստ «Քոտեքս Աթլանթիքուս»ի (Codex Atlanticus), որ կը պահուի Միլանի գրադարաններէն մէկուն մէջ, 1480ականներուն տա Վինչի որոշ ժամանակով այցելած է Կիլիկիա, ուր դարձած է Երզնկայի երկրաշարժի ականատեսը:
Կ՛ըսուի, թէ տա Վինչի այնտեղ գացած էր՝ Եգիպտոսի սուլթանի պատուէրով բնակիչներու գծանկարները կատարելու:
Յակոբեանի ժապաւէնը կը պատմէ նաեւ Եւրոպայի վրայ Հայաստանի, մասնաւրորապէս՝ քրիստոնէութեան ազդեցութեան մասին: Օրինակ՝ իտալական յայտնի հայազգի սուրբ Մինիատոյի, կամ Մինասի, եւ այլ 20 հայ սուրբերու մասին:
Ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Յունիս 3ին, Ամերկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ: