ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի հանրային վարժարաններու համակարգի երկրորդ ընտրամասի 9րդէն 12 կարգերու աշակերտներուն նուիրուած՝ հանրային վարժարաններու հայ աշակերտներու դպրոցական կեանքին հետեւող Ազգ. առաջնորդարանի CASPS յանձնախումբին կազմակերպած հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Յունիս 6ին, երեկոյեան ժամը 5։30ին, «Կրեն»չ երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ։
Ձեռնարկը կը վայելէ Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը: