ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի ելեւմտական շուկան կը շարունակուի ցնցուիլ տոլարի դիմաց դրամի պարզած անկանխատեսելի թիւերուն պատճառով։ Արդարեւ, 5 Յունիսին սակարանին մէջ դրամի փոխարժէքը անգամ մը եւս անկում արձանագրած է։ Ամերիկեան տոլարը սղած է 1.3ով (0.56 տոկոսով)՝ հասնելով 411.03 դրամի: 28 Յուլիս 2006էն ի վեր այս փոխարժէքը բարձրագոյնն է։
Դատելով սակարանային առեւտուրի ծաւալներէն՝ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը փոխարժէքին գծով միջամտութիւն չկատարեց, թէեւ դրամատան ղեկավարները տարբեր առիթներով յայտարարած էին, որ կտրուկ տատանումներու պարագային անպայման պիտի միջամտեն:
Ընդհանուր առմամբ, սակարանին մէջ այսօր վաճառուած է 1.65 միլիոն տոլար, սակարանը փակուած է 1 տոլար/413 դրամ փոխարժէքով:
Տոլարի տատանումները այնքան արագ են ու անկանխատեսելի, որ կանխիկ արտարժոյթի շուկային մէջ դրամատուները կը դժուարանան կողմնորոշուիլ՝ արտարժոյթի առեւտուրի արժէքները սահմանելու ատեն։ Դրամատուներէն երկուքը՝ «ԲՏԱ բանկ»ը ու «Արմսուիսբանկ»ը տոլար գնած են 412 դրամով, իսկ «Արցախբանկ»ը 411 դրամով վաճառած է։