ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- 5 Յունիսին պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան հասած է Ղազախստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Ատիլպեք Ճաքսիպեքովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ կայացած պաշտօնական ընդունելութենէն ետք տեղի ունեցած է Ղազախստանի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումը՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ զինուած ուժերու ղեկավար կազմին հետ։ Հանդիպման ընթացքին նախարար Սէյրան Օհանեան նախարար Ատիլպեք Ճաքսիպեքովը պարգեւատրած է «Հայաստանի զինուած ուժեր. 20 տարի» յոբելեանական յուշամետալով:
Երկու նախարարները ստորագրած են «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Ղազախստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութեան մասին» համաձայնագիրը:
Ապա՝ պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ընդգծած է, որ երկու պետութիւններու պաշտպանական գերատեսչութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը բարձր մակարդակի վրայ է եւ առկայ են բոլոր նախապայմանները՝ համագործակցութեան ընդլայնման ու զարգացման: Սէյրան Օհանեան արձանագրած է, որ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստանը եւ Ղազախստանը արդիւնաւէտօրէն կը համագործակցին՝ աւելցնելով, որ նոր կնքուած համաձայնագիրը կրնայ խթան հանդիսանալ այս համագործակցութեան։ Նախարար Օհանեանի համաձայն, այս համաձայնագիրը երկու կարելիութիւն պիտի տայ երկու երկիրներուն՝ ռազմական-արհեստագիտական փոխանակման, սպասարկման եւ նորոգութեան, ինչպէս նաեւ միացեալ նախագիծերու իրականացման: Ղազախստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնելով այս ջերմ ընդունելութեան համար՝ դիտել տուած է, որ ստորագրուած համաձայնագիրը կարեւոր ներուժ պիտի ըլլայ երկու երկիրներու համագործակցութեան: Ատիլպեք Ճաքսիպեքով աւելցուցած է, որ երկու երկիրներու ռազմական համագործակցութեան մէջ ներառուած են ռազմական կրթութեան ու ուսուցման, ինչպէս նաեւ փորձառութիւններու փոխանակման եւ ռազմական-արհեստագիտական մարզերը։
Նոյն օրը Ղազախստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարին հետ տեսակցութիւն ունեցած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեան:
Այցելութեան ծիրին մէջ Ղազախստանի պաշտպանութեան նախարարը այցելած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Վ. Սարգսեանի անուան ռազմական հիմնարկ եւ ծանօթացած անոր կրթական ծրագիրներուն ու ուսումնական գործընթացին: