ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունիս 5ին պաշտօնական այցով հասած է Ճափոն եւ Սենտայ քաղաքին մէջ այցելած է «Եուրիակէ-Հիյորիյամա» յուշահամալիրը՝ յարգանքի տուրք մատուցելով 2011ին Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած աղիտալի երկրաշարժին եւ ցունամիին հետեւանքով զոհուածներու յիշատակին:
Ըստ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տարածած հաղորդագրութեան՝ Սերժ Սարգսեան ծանօթացած է աղէտին հետեւանքները վերացնելու ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն, ապա այցելած ծովաշարժէն տուժածներու ժամանակաւոր կացարանները ներառող համայնքը:
Նախագահը իր եւ պատուիրակութեան անունով ողջունած է աղէտէն տուժած Սենտայի բնակիչները եւ անոնց փոխանցած հայ ժողովուրդին համակրանքը: «Այդ ժամանակ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցում հոգեհանգստեան պատարագ մատուցուեց: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի աղօթքներին միացան հազարաւոր հայեր եւ աղօթեցին բոլոր զոհերի յիշատակի համար: Մենք գիտակցում եւ ընկալում էինք բնութեան այդ արհաւիրքի ողջ ծանրութիւնը: Դուք բազմաթիւ հարազատներ ու մտերիմներ էք կորցրել, եւ ես գլուխ եմ խոնարհում նրանց յիշատակի առջեւ», խօսքը ուղղելով զոհուածներու հարազատներուն՝ ըսած է Սերժ Սարգսեան:
ՀՀ նախագահը նշած է նաեւ, որ հայ ժողովուրդը չէ մոռցած բարեկամ Ճափոնի օգնութիւնն ու ջերմ վերաբերումը, երբ 1988ին Հայաստան մեծ դժուարութիւններէ կ՛անցնէր՝ յաղթահարելով աւերիչ երկրաշարժին հետեւանքները:
Սերժ Սարգսեան վստահութիւն յայտնած է, որ պատմութեան ընթացքին մեծ արհաւիրքներ դիմակայած ճափոնցիները այս դժուարութիւնն ալ կրնան յաղթահարել, եւ Ճափոնի կառավարութիւնը՝ ժողովուրդին հետ միասին, կարող կ՛ըլլայ լիովին վերացնելու աղէտին հետեւանքները:
«Ճափոնիայի ժողովուրդն այս փորձութիւնից աւելի կոփուած է դուրս գալու: Ցանկանում եմ, որ բոլորն ունենան իրենց տանիքը, տներում մանկան ճիչ լսուի, ընտանիքները լցուեն ջերմութեամբ ու խաղաղութեամբ», ըսած է Սերժ Սարգսեան:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Սենտայէն մեկնած է Թոքիօ, ուր Յունիս 6ին կը մեկնարկեն անոր հանդիպումները Ճափոնի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ: