ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արաքս գետին վրայ կառուցուելիք «Մեղրի» ջրելեկտրակայանի շինարարութեան հիմնարկէքը տեղի պիտի ունենայ այս տարուան 22 Օգոստոսին, Մեղրիի մէջ: Շինարարութիւնը պիտի աւարտի 5 տարուան ընթացքին, որմէ ետք 15 տարուան համար «Մեղրի» ջրելեկտրակայանի արտադրած ելեկտրականութիւնը պիտի տրամադրուի Իրանին՝ ներդրողին կողմէ կառուցուող 230 քիլօուաթ լարման ելեկտրական գիծով։ Այս տեղեկութիւնները փոխանցուեցան Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան կողմէ: Այս ջրելեկտրակայանի կառուցման ծախսը 323 միլիոն տոլար է։
Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեանը եւ Իրանի ելեկտրականութեան նախարար Մաժիտ Նամճուն 2010ին ստորագրած են «կառուցում-տնօրինում-շահագործում-փոխանցում» սկզբունքներու հիման վրայ «Մեղրի» կայանի կառուցման արտօնութեան վերաբերող համաձայնագիր: Ներդրումային այս ծրագիրը Հայաստանի մէջ իրականացուող նմանատիպ առաջին ծրագիրն է: Իսկ 2001ին ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրի հիման վրայ Արաքս գետի վրայ ջրելեկտրակայաններու կառուցման աշխատանքները կատարած է իրանական «Մահապ-Ղոտս» խորհրդատուական ընկերութիւնը՝ Իրանի ջրային եւ ուժանիւթի զարգացման ընկերութեան պատուէրով: Այս աշխատանքները պիտի համակարգուին եւ անոնց պիտի հսկէ հայ-իրանական միացեալ կոմիտէն: Կը նախատեսուի Արաքս գետին վրայ կառուցել երկու ջրելեկտրակայան, հայկական կողմը՝ «Մեղրի», իրանական կողմը «Ղարաչիլար» կայանները: