– Սուրիացի ընդդիմադիրներու մէկ բանբերը Յունիս 5ին «Նաշրա» կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին մերժած է առեւանգուած լիբանանցիները լիբանանեան իշխանութիւններուն յանձնել՝ աւելցնելով, որ առեւանգող կողմը յարմար պահու մը կը սպասէ՝ անոնց ազատ արձակման բանակցութիւնները շարունակելու համար: Ան շեշտած է, որ առեւանգուած լիբանանցիները ողջ եւ առողջ են:
– Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարները Յունիս 8ին պիտի խորհրդակցին Տրապիզոնի մէջ, կողմերը հետաքրքրող շրջանային շարք մը հարցերու շուրջ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու նաեւ անջատ հանդիպումներ պիտի ունենայ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցներուն հետ:
– Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 35 երեսփոխան ունեցող քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Հասիպ Քափլան, խստօրէն քննադատած է զիրենք ահաբեկիչ որակող թրքական իշխանութիւնները՝ ըսելով. «Եթէ մենք ահաբեկիչներ ենք, ապա իշխող կուսակցութեան անդամները թալիպաններ են», ակնարկելով Աֆղանիստանի իսլամ արմատական նախկին ղեկավարութեան:
– Պերլինի թրքաբնակ շրջանի մը մէջ, թրքածին 32ամեայ քաղաքացի մը Յունիս 5ին տեղի ունեցած վիճաբանութենէ մը ետք գլխատած է իր 30ամեայ կինը եւ անոր գլուխը 5րդ յարկէն վար նետած է: Ոստիկանութիւնը ձերբակալած է ոճրագործը, իսկ 1-13 տարեկանի միջեւ եղող անոր վեց երեխաները տարուած են երեխաներու սպասարկութեանց կեդրոն: Վէճը տեղի ունեցած է, երբ կինը բացայայտած է, թէ ամուսինը իրանցի սիրուհիէ մը երկու զաւակ ունի: