ԵՐԵՒԱՆ.- Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը բուռն կերպով կը քննադատէ Յունիս 4ին Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան շրջանին մէջ իրականացուած ատրպէյճանական յարձակումները, որոնք երեք հայ զոհ խլեցին եւ որոնք աւելի ու աւելի բարձր յաճախականութիւն կը ստանան՝ սպառնալով շրջանային խաղաղութեան ու Եւրոպայի ծրագիրներուն, յատկապէս՝ Արեւելեան հարեւանութեան ու Եւրոնեսթին, որոնք իբրեւ նպատակ ունին շրջանային համագործակցութիւնն ու ապահովութիւնը: Ըստ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին՝ Ատրպէյճանի մագլցող սպառազինումը եւ միջազգային օրէնքի կոշտ խախտումները կը սպառնան տարածաշրջանի խաղաղութեան ու բարօրութեան:
Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան այս առթիւ ըսաւ. «Ատրպէյճան ցոյց տուաւ, որ երբե՛ք հետաքրքրուած չէ եղած խաղաղութեամբ: ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիրի մը՝ ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարի այցելութենէն ժամեր առաջ միայն երբ նման յարձակում մը կ՛իրագործէ Հայաստանի դէմ, ան ցոյց կու տայ իր իսկական դիմագիծը ու նախագահ Իլհամ Ալիեւի կործանանար ռազմական ոգին:
«Կը պահանջենք Եւրոպական միութենէն, որ այլեւս դադրի երկու կողմերուն զսպուածութեան կոչեր ուղղելէ, այլ խիզախօրէն դէմ կենայ ազերի ղեկավարութեան՝ խստօրէն պահանջելով անոնցմէ, որ դադրեցնեն իրենց արկածախնդրութիւնը»:
Գասպար Կարապետան աւելցուց նաեւ. «Եւրոպական միութեան յանձնաժողովի փոխնախագահ եւ Արտաքին յարաբերութեանց յանձնակատար Քեթրին Էշթըն պարտի դատապարտել Ատրպէյճանի այս կեցուածքը, որ կը սպառնայ շրջանային խաղաղութեան, եւ յստակօրէն ըսէ երկրի իշխանութիւններուն, թէ միութիւնը միայն ուժանիւթով չէ հետաքրքրուած, այլ՝ խաղաղութեամբ եւ կայունութեամբ, եւ թէ ասիկա լուրջ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Եւրոմիութիւն-Ատրպէյճան համագործակցութեան համաձայնագիրին վրայ»: