ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».-Հայաստան կը շարունակէ մնալ կիսամենատիրական կառավարում ունեցող պետութիւններու շարքին։ Այս մասին 6 Յունիսին հրապարակուած զեկուցումին մէջ գրած են արեւմտեան ամէնէն հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններէն մէկուն՝ «Ֆրիտըմ Հաուզ»ի ներկայացուցիչները։
«Պետութիւնները անցումային շրջանին» կոչուող այս փաստաթուղթը կ՛ամփոփէ Արեւելեան Եւրոպայի, Պալքաններու եւ յետխորհրդային տարածքի 29 պետութիւններուն մէջ վերջին մէկ տարուան ընթացքին արձանագրուած իրադարձութիւններուն պատկերը։
Յատուկ ուշադրութեան արժանացած են յատկապէս ընտրական համակարգերու գործունէութիւնը, ազատ մամուլի եւ քաղաքացիական հասարակութեան վիճակը, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարին նպատակով առնուած քայլերը։
Հետազօտութեան հեղինակներուն կողմէ գնահատուած են եօթը կէտի չափանիշով, մէկ միաւորը կը համապատասխանէ լիարժէք ժողովրդավարութեան առկայութեան, իսկ եօթն՝ կը նշանակէ, որ երկրին մէջ մենատիրութիւն կայ։
«Ֆրիտըմ Հաուզ»ի մասնագէտները Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան մակարդակը գնահատած են 5.39ով, որ աննշան կերպով աւելի լաւ է նախորդ տարի արձանագրուած 5.43էն:
Զեկուցումին մէջ հեղինակները որոշ բարելաւում նկատած են Հայաստանի մէջ փտածութեան դէմ պայքարի առումով։
Միւս մարզերուն մէջ ցուցանիշները գրեթէ նոյնն են, ինչ որ նախորդ տարի։ Այսպէս, ընտրական գործընթացներուն մէջ ժողովրդավարական չափանիշներուն համապատասխան ըլլալու առումով Հայաստանի ցուցանիշը, ըստ զեկոյցի հեղինակներուն, 5.75 է, որ շատ աւելի վատ է քան մենատիրական պետութիւն նկատուող այլ երկիրներ։
Լրատուամիջոցներու անկախութեան առումով իրավիճակը մխիթարական չէ՝ Հայաստան Տաճիկիստանի գտնուած մակարդակին վրայ է։
Լաւագոյն ցուցանիշը արձանագրուած է քաղաքացիական հասարակութեան կայացման ոլորտին մէջ։