ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, Մայիս 29ի յետմիջօրէին, Կլենտէյլի «Անուշ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանրային վարժարաններու հայ աշակերտներու դպրոցական կեանքին հետեւող Ազգ. առաջնորդարանի CASPS յանձնախումբին կազմակերպած հանդիսութիւնը, որ նուիրուած էր Կլենտէյլի հանրային վարժարաններէ շրջանաւարտ յաջողակ հայ աշակերտներուն։ Ձեռնարկը կը վայելէր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։
Առաջնորդին կ՛ընկերանար Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան։ Ներկայ էր Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեանը։ Ներկայ էին նաեւ եկեղեցեւոյ հոգաբարձութեան անդամներ, Հայ կրթական հիմնարկութեան ներկայացուցիչներ եւ կրթական այլ պատասխանատուներ։
Հիւրընկալութիւնը ստանձնած էր Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը։
Բացման խօսք արտասանեց յանձնախումբի վարիչ տնօրէնուհի Արսինէ Յովհաննէսեանը։ Հանդիսավարն էր 12 տարիներ առաջ շրջանաւարտ եղած Նարէ Ղարիպեանը, որ բեմ հրաւիրեց առաջնորդը, որպէսզի փոխանցէ իր օրհնութիւններն ու շնորհաւորանքի խօսքը։
Սրբազանը իր խօսքը սկսաւ ուրախութիւն ու հպարտանք արտայայտելով շրջանաւարտներու ձեռքբերումներուն ու փայլուն արդիւնքներուն համար։ Ան նաեւ օրհնութեան ու գնահատանքի խօսք ուղղեց ծնողներուն, CASPS-ի կամաւորներուն, տնօրէններուն, դաստիարակներուն եւ Կլենտէյլի ուսումնական համակարգի վարչական պատասխանատուներուն՝ պատանի աշակերտներուն հանդէպ անոնց ցուցաբերած սիրոյն, զօրակցութեան ու քաջալերանքին համար։ Ապա իր խօսքը ուղղակի շրջանաւարտներուն ուղղելով՝ ան շնորհաւորեց զանոնք ու նշեց, որ անոնց շարքերէն պիտի գան մեր ապագայի ղեկավարներն ու ամերիկահայերու ներկայացուցիչները, հետեւաբար, զանոնք յորդորեց տոգորուելու ամերիկեան հայրենիքին ու հայ համայնքին արժէքներով։ Առաջնորդը շեշտեց, որ ուսումնառութիւնը կեանքի տեւողութիւնը գրաւող գործընթաց է ու չի սահմանափակուիր դպրոցական տարիներով, հետեւաբար՝ աշակերտները պարտին իրենց միտքերն ու հոգիները հետեւողականօրէն հարստացնել, աճ արձանագրել հոգեպէս ու մտովին։ Առակաց գիրքէն մէջբերումներ կատարելով՝ առաջնորդը թելադրեց ապաւինիլ Երկնաւոր Հօր, որպէսզի առաջնորդէ իրենց քայլերը։ Վերջապէս, սրբազանը աղօթք բարձրացուց, որ Աստուած առաջնորդէ աշակերտներուն քայլերը, անոնց պարգեւէ ուժ եւ իմաստութիւն, որպէսզի կարենան յաղթահարել դժուարութիւններ, զանոնք օժտէ համբերութեամբ ու հետեւողականութեամբ, որպէսզի հետամուտ ըլլան իրենց ձգտումներու իրականացման։
Բանախօսն էր փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան։ Ան խօսեցաւ Քալիֆորնիոյ հայ համայնքին մասին՝ սկզբնաւորումէն մինչեւ մեր օրերը, եւ կանգ առաւ լաւ հայ ու լաւ ամերիկացի ըլլալու յատկանիշերուն վրայ։
Խօսք առնողներու շարքին էր Կլենտէյլի պետական վարժարաններու համակարգի փոխպատասխանատու տոքթ. Ճոն Կարսիա։ Նաեւ իրագործուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։ Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ շրջանաւարտ աշակերտներու գնահատագիրներու եւ նուէրներու տուչութեամբ։
Հայ կրթական հիմնարկութիւնը կրթանպաստներ յանձնեց յաջողակ աշակերտներուն։
CASPS յանձնախումբը գնահատեց նաեւ տոքթ. Քեթի Ֆունտուքեան-Թորոսեանի ցուցաբերած սիրայօժար օժանդակութիւնը յանձնախումբի աշխատանքներուն։