Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Յունիս 5ին հրաւիրած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ մը, որուն օրակարգին վրայ ընդգրկուած էին 2012ի հացահատիկի բերքահաւաքի կազմակերպման հետ կապուած հարցեր:
Բերքահաւաքը արդիւնաւէտ կերպով կազմակերպելու նպատակով, նախագահ Սահակեան կառավարութեան յանձնարարած է մինչեւ Յունիս 10, հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարարի գլխաւորութեամբ՝ ձեւաւորել յանձնախումբ մը, որ պիտի իրականացնէ անհրաժեշտ քայլեր եւ առկայ իրավիճակին մասին տասնօրեայ պարբերականութեամբ զեկուցումներ պիտի ներկայացնէ հանրապետութեան նախագահին:
Բակօ Սահակեան ընդգծած է, որ երկրին համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող այս գործընթացին ամբողջ ընթացքը պէտք է լայնօրէն լուսաբանուի զանգուածային լրատուամիջոցներուն կողմէ: