ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Պաշտօնական այցելութեամբ Ճափոն մեկնած հայկական պատուիրակութեան մաս կազմող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 6 Յունիսին հանդիպում ունեցած է Ճափոնի փոխվարչապետ Քաթսույա Օքատայի հետ։
Զրուցակիցները բարձր գնահատեցին երկու երկիրներուն միջեւ հաստատուած աշխոյժ համագործակցութիւնը՝ դիտել տալով, որ Հայաստանի նախագահին Ճափոն կատարած այս այցելութիւնը նոր լիցք պիտի հաղորդէ երկկողմանի համագործակցութեան։
Փոխվարչապետ Օքատա եւ նախարար Նալբանդեան գոհունակութեամբ նշեցին, որ 2009ին կայացած իրենց առաջին հանդիպումէն ի վեր հայ-ճափոնական յարաբերութիւնները վերելք արձանագրած են, իսկ այդ հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնագիրները արդէն կեանքի կոչուած են։
Էդուարդ Նալբանդեան շնորհակալութիւն յայտնեց տարիներէ ի վեր Հայաստանի զարգացման ի խնդիր Ճափոնի ցուցաբերած մնայուն աջակցութեան համար:
Հանդիպման օրակարգին վրայ էին նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութեան ընդարձակման ձեւերը։