5 Յունիսին Մաշտոցի պուրակի գործիչները յայտարարած են, որ Մաշտոցի պուրակի քաղաքացիական պայքարին մէջ իրենց հիմնական զէնքը եղած է Հայաստանի Սահմանադրութիւնը: Առ այդ, անոնք 5 Յունիսէն 5 Յուլիս յայտարարուած է Սահմանադրութեան միամսեակ:
Գործիչները իրենց հրապարակած յայտարարութեամբ դիտել տուած է, թէ Մաշտոցի պուրակի եւ այլ վայրերու մէջ պիտի կազմակերպուին տարբեր տեսակի նախաձեռնութիւններ՝ դասախօսութիւններ, քննարկումներ, նաեւ դիմատետրի միջոցով, լուսանկարներու եւ ժապաւէններու ցուցադրութիւններ, ինչպէս նաեւ այլ ձեռնարկներ։ Անոնք նշած են, որ ամէն Ուրբաթ երեկոյեան քաղաքացիական ամ-պիոնէն պիտի հնչեն ելոյթներ՝ սահմանադրական կարգի եւ անոր հաստատման մասին։ Շաբաթ եւ Կիրակի երեկոները պիտի կայանան մշակութային նախաձեռնութիւններ։
Գործիչները իրենց յայտարարութեամբ կոչ ուղղած են ուսանողներուն, փորձագէտներուն, լրագրողներուն՝ այս մէկ ամսուան ընթացքին սահմանադրութեան առնչուող քննարկումներ կատարել եւ մասնակից դառնալ կազմակերպուած ձեռնարկներուն։
8 Յունիսին պիտի բանախօսէ քաղաքագէտ Էդգար Վարդանեանը՝ Սահմանադրական կարգի էութեան մասին։