ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած կամ դատական հետաքննութեան մէջ գտնուող մօտաւորապէս 600 լրագրողներ կան. այս մասին թրքական «Սոնտաքիքա» լրատուական կայքին փոխանցած է «Ազատութիւն լրագրողներուն» թրքական խմբակի ղեկավար եւ Թուրքիոյ լրագրողներու միութեան նախագահ Էրճան Իփեքճին:
«Ազատութիւն լրագրողներուն» խմբակը Երեքշաբթի, Յունիս 5ին, Պոլսոյ արդարադատութեան պալատին աջեւ լրագրողները ազատ արձակելու պահանջով նստացոյց մը կատարած էր. նիստը շարունակուեցաւ նաեւ Չորեքշաբթի օր: Իփեքճի լրագրողներուն յայտնած է, թէ Թուրքիոյ բանտերուն մէջ ներկայիս կան 102 լրագրողներ: