ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Չորեքշաբթի, Յունիս 6ին, Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ գտնուող լիբանանեան Արսալ գիւղի զինեալներուն եւ սուրիացի սահմանապահներու միջեւ տեղի ունեցան զինեալ բախումներ, որոնց ընթացքին օգտագործուեցան գնդացիրներ եւ հրթիռներ:
Բախումները հետեւանք էին սուրիական հողերը թափանցած չորս լիբանանցիներու եւ սուրիացի զինուորներու միջեւ տեղի ունեցած ընդհարումին, որուն ընթացքին սպաննուած էր լիբանանցի զինեալ մը: Արսալի սահմանամերձ շրջանին մէջ բախումները շարունակուեցան՝ պատճառելով երկու այլ զոհեր եւ 10 վիրաւորներ: Աւելի ուշ, լիբանանեան բանակը բախումներուն վայրը հասնելով եւ հոն տեղակայուելով՝ կրցաւ կացութիւնը զսպել:
Համեմատական խաղաղութենէ ետք, Երեքշաբթիէն Չորեքշաբթի լուսցող գիշեր, զինեալ բախումներ արձանագրուած են նաեւ հիւսիսային Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին մէջ:
Միւս կողմէ, Չինաստան այցելող Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, թէ Ռուսիա եւ Չինաստան Սուրիոյ մէջ արտաքին միջամտութեան կամ երկրի վարչակարգի բռնի փոփոխութեան կ՛ընդդիմանան, իսկ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց, որ Սուրիոյ հարցին շուրջ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կեցուածքը նոյնն է՝ շեշտելով, թէ Սուրիոյ մէջ բռնարարքները պէտք է անմիջապէս դադրին եւ քաղաքական երկխօսութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ պէտք է սկսի:
ՄԱԿի մօտ Չինաստանի մնայուն ներկայացուցիչը յայտնեց, որ «սուրիական հարցը շատ վտանգաւոր պահու մէջ է: Սուրիա կրնայ «պատուաւոր» ապագայ մը ապահովել՝ շնորհիւ ծրագիրի մը, որուն շուրջ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան, կամ կրնայ ուղղուիլ դէպի «անյայտ» հորիզոններ, ինչ որ կրնայ քաղաքացիական ամբողջական պատերազմի վերածուիլ»:
Իր կարգին՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտարարեց, որ «երբե՛ք չենք ըսած կամ պայման պարտադրած, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ քաղաքական հոլովոյթի աւարտին պէտք է իշխանութեան վրայ մնայ»: Ան ըսաւ, որ Ասատի՝ իշխանութեան վրայ մնալը, Սուրիոյ մէջ տագնապի լուծման նախապայման մը չէ:
Նաեւ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Պաթումի մէջ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կոչ ուղղեց՝ «Սուրիոյ տագնապի լուծման օժանդակելու», իսկ Ռուսիոյ մէջ անոր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրով կոչ ուղղեց Թուրքիոյ եւ Իրանի մասնակցութեամբ Սուրիոյ վերաբերեալ միջազգային ժողով մը գումարելու՝ ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրի աջակցութեան համար: