Անցեալ Շաբաթ, Յունիս 2ին, «Ասպարէզ» հրապարակած էր (6րդ էջ) «Արփա»ի քսանամեակին առթիւ կազմակերպուած գիտաժողովին մասին թղթակցութիւնը:
Գիտաժողովի մասնակիցներէն դոկտ. Ստեփան Աստուրեան խմբագրութեանս ուղղած նամակով կը կատարէ երկու ճշդումներ.
ա.- Թղթակցութեան մէջ յիշուած էր, որ փրոֆ. Սոմոն Փայասլեան ներկայացուց իր զեկոյցը: Դասախօսը, կը ճշդէ դոկտ. Աստուրեան, անձամբ ներկայ չէր ձեռնարկին, իսկ անոր պատրաստած գրաւոր զեկուցումը ներկայացուած էր դոկտ. Դալար Շահինեանի կողմէ:
բ.- Դոկտ. Ասատուրեանի զեկոյցին մէջ չկայ «առաւել արդիւնաւէտ կը լինի, եթէ Սփիւռքի մէկ կուսակցութիւն ներկայացնի հայկական համայնքը» տողը, եւ յարգելի դասախօսը այդպիսի բան չէ ըսած:
Արդարօրէն, յարգելի դասախօսը խմբագրութենէն առաւել արհեստավարժ մօտեցում կ՛ակնկալէ: Կը յուսանք հետագային նուազ յուսախաբութիւն պատճառել յարգելի դասախօսին:
«ԱՍՊԱՐԷԶ»