Հայաստանի Հանրապետութիւնը տասնհինգ տարեկան է։ Այսօր Սեպտեմբերի 18ն է, եւ արդէն Երեւանի փողոցները ամէն քայլափոխին կը յիշեցնեն այդ տօնի մասին։
Հանրապետութեան հրապարակը լի է թնդանօթներով, Եռագոյն դրօշներով ու տօնը խորհրդանշող մեծ ցուցանակներով. նախապատրաստական աշխատանքները կը կատարուին՝ 21ի առաւօտեան զինուորական տողանցք կազմակերպելու համար, տասնհիգամեայ բանակի զինուորները պիտի տողանցեն խրոխտ ու հաստատ քայլերով, ռազմական օդանաւերը պիտի թռչին՝ եռագոյն ծուխ արձակելով անկախ Հայաստանի երկնակամարին վրայ։
Հրապարակէն քիչ մը անդին, «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահի շէնքին մէջ լուսանկարչական ցուցահանդէս է՝ 15ամեայ հանրապետութեան պատմութիւնը, իր հերոսական ու աղէտալի օրերով, քարուքանդ ու նորակառոյց շէնքերով, ինչպէս նաեւ մեր երկրին պատիւ բերող դէմքերը ներկայացուած են լուսանկարներով։
Այսօր տօն է նաեւ Օփերայի եւ պալէի ակադեմական թատրոնի Ալ. Սպենդիարեանի անուան սրահէն ներս, ձեռնարկի խորագիրն է «Հանրապետութիւն 15», բեմը գեղարուեստական ճաշակի վարպետութեամբ պատուած է Եռագոյնով, կեդրոնին Հայաստանի Ja»» նուագախումբն է՝ ղեկավարութեամբ տաղանդաւոր երաժիշտ Արմէն Մարտիրոսեանի։ Ահա կը ներկայացուի երգարուեստ մը, որ նոյնպէս 15 տարեկան է, հայրենաբոյր երգեր, զորս կը հնչեցնէ մեր հանրապետութեան յաղթանակներով, ցաւերով ու ուրախութեամբ, ողջ առօրեայով ապրող, Սեպտեմբեր 11ին ՀՀ նախագահի կողմէ վաստակաւոր արթիսթի պատուաւոր կոչում ստացած երգչուհի Շուշան Պետրոսեան։
«Հայրենի՛ք, լոյսն իմ մտքի, երգն իմ սրտի, իմ գեղանի», համերգի բացումին հնչող այս երգի բառերը կը բխէին Շուշանի էութենէն, չէ՞ որ ինքն է անոնց հեղինակը։ Հայրենիքի սիրով գերուած երգչուհին նոր վերադարձած էր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ղարաբաղի 22 զօրամասեր իր շրջագայութենէն, երգած էր զօրավարժութիւններու նկուղային մասերու մէջ, սահմանապահ դիրքերու վրայ, երգած էր յատո՛ւկ զինուորներուն համար, որոնց մայրերուն նուիրեց յաջորդ երգը՝ «Կիկոն», երգ, որ նոր գործիքաւորումով ու կատարումով մտաւ երգարուեստի քաղաքակիրթ աշխարհ։ Ինչ անկեղծ ու խոր ապրումով կը հնչէր այդ երգը՝ ինը տարի առաջ մայր դարձած երգչուհիի շրթներէն, կասկած անգամ չկար, որ Շուշանը կ՚երազէր իր Գրիգորը ֆիտայի տեսնել։
Երգերուն զուգահեռ մեծ պաստառի վրայ կը ցուցադրուէր Շուշանի այցը զօրամասեր եւ անոր հանդիպումը զինուորներուն հետ։
«Կեանքս հայրենիքիս, իմ հզօր ժողովրդին» բառերու հեղինակը դարձեալ երգչուհին է, որ շուտով պիտի շարունակէ իր շրջագայութիւնը՝ այցելելով եւս 16 զօրամասեր, իր երգերով «զինուորին ուժ» տալու համար։
«Երազ իմ, երկիր հայրենի», երգ, որ կը հնչէ Շուշանի բոլոր մենահամերգներուն անխտիր։ Հայրենիք երազող բազմաթիւ սփիւռքահայերուն համար, որոնք ներկաներուն զգալի մասը կը կազմէին, առաւել քան յուզիչ էին այդ բառերով, երաժշտութեամբ ու կատարողական բարձր վարպետութեամբ փոխանցուած ապրումները։
«Իմ անուշ հայրենիք», «Քարերի ամրոց մեր երկիր», «Բարեւ, երկիր», այսպէս յաջորդաբար հնչեցին Շուշանեան բառերով հայրենաբոյր երգեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կարծես մեր 15ամեայ հանրապետութեան առօրեայի ու պատմութեան էջերէն մէկն է։ Նշուած վերջին երկու երգերուն Շուշանին ընկերակցեցան հայ էսթրատայի հանրածանօթ երգիչ-երգչուհիները, իսկ ամենատպաւորիչը «Բարեւ, երկիր» երգին տատիկներու մասնակցութիւնն էր, իրենց մաքուր երգեցողութեամբ ու կեանքի վերջին հանգրուանին առաջին անգամ բեմ բարձրացողներու այլայլուած հայեացքներով։ Այդ տպաւորութիւններով բուռն ու երկարատեւ ծափահարութիւններու ներքոյ աւարտին հասաւ համերգը, որ իր փոխանցած ապրումներով հաւասար էր մեր հանրապետութեան կերտման ճանապարհի ամենաամուր քարի մը զօրութեան։
Շուշանի 15ամեայ հայրենաբոյր երգարուեստը դեռ երկար պիտի ապրի ու իր հայեցի շունչով պահէ բազմաթիւ սերունդներ։
nayirim@yahoo.com