ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Աւետիս» հասարակական կազմակերպութիւնը Սեպտեմբեր 5ին պաշտօնապէս յայտարարեց 20րդ դարի տեղական հակամարտութիւններու լուսանկարներու համացանցային թանգարանի բացման մասին, որ ամբողջութեամբ ցուցադրուած է www.photo.avetis.org կայքին մէջ: Այստեղ արտացոլուած են անցեալ դարու տեղական հակամարտութիւնները եւ մարդկային ողբերգութիւնները՝ 1915ի Հայոց Եղեռնը, Պոնտոսի յոյներու եղեռնը, Ողջակիզումը, Քամպոտիոյ, Ռուանտայի, Տարֆուրի ցեղասպանութիւնները, քորէական, վիէթնամական, աֆղանական, եուկոսլաւական, իրաքեան պատերազմները, հունգարական ու չեխական ապստամբութիւնները, Կիպրոսի, Լեռնային Ղարաբաղի, Աբխազիոյ եւ շարք մը այլ հակամարտութիւններ:
Ըստ «Աւետիս» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Բակուր Կարապետեանի, թանգարանի նպատակը տեղային հակամարտութիւններու ուսումնասիրութիւնն է, զանոնք մեղմացնելու եւ կանխելու ուղիներ գտնելը եւ կեանքի կոչելը. «Այդ ուղիները կան, եւ դրանցից յատկապէս կարեւոր է հասարակական կարծիքի ստեղծումը», աւելցուց ան:
Թանգարանը նաեւ ունի համացանցի միջոցով տարբեր վայրերու մէջ ցուցահանդէսներ կազմակերպելու, համապատասխան միջազգային կազմակերպութիւններու հետ գործակցելու լայն հնարաւորութիւն:
Նշենք, որ այժմ թանգարանին մէջ ընդգրկուած է շուրջ 1500-2000 լուսանկար, որոնց թիւը պիտի աճի 2 ամիս յետոյ: