ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».- Աւարտեցաւ 2006ի «Բնակարանի գնման վկայագիր» ծրագիրը: Ընթացիկ տարուան ծրագիրի վերջին փուլով վկայագիր յանձնուած է 13 ընտանիքի:
2006ի ծրագիրէն, ընդհանուր առմամբ, օգտուած է 331 ընտանիք, սակայն վկայագրեր ստանալու համար ներկայացուած դիմումները աւելի եղած են: Այս մասին լրագրողներուն տեղեկացուց քաղաքաշինութեան փոխնախարար Կառլէն Գէորգեան:
Ընթացիկ ծրագիրի արդիւնաւէտութիւնը, ըստ փոխնախարարին, շօշափելի է, սակայն գործընթացի արդիւնաւէտութեան իրական պատկերը պարզ կը դառնայ միայն 2007ի Յունիս 15ին, երբ լրանայ վկայագիրներու ժամկէտը: Իսկ մինչ այդ, չտրամադրուած վկայագիրներու տէրերը կը զրկուին յաջորդ տարի ծրագիրին մէջ ընդգրկուելու հնարաւորութենէն:
Աւելցնենք, որ այս տարի ծրագիրով նախատեսած 875 միլիոն դրամի փոխարէն ծախսուած է աւելի քան 1 միլիառ դրամ՝ նախորդ տարիներուն վկայագիրներէն հրաժարելու պատճառով խնայուած գումարներու հաշուին: