ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Զուարթնոց» օդակայանը 2006ին սպասարկած է 1 միլիոն 125.7 հազար ուղեւորներու, կամ նախորդ տարուան համեմատ 143 հազարով աւելի: Անցեալ տարի «Զուարթնոց»էն մեկնած է 562.8 հազար, ժամանած՝ 562.9 հազար ուղեւոր, իսկ 2005ին մեկնած է 564 հազար եւ ժամանած՝ 547.4 հազար ուղեւոր:
Ըստ քաղաքացիական օդափոխադրումներու գլխաւոր վարչութեան տուեալներուն, բեռներու ծաւալը կազմած է 9282 թոն, որ 2005ի համեմատ 163 թոնով աւելի է:
2006ին «Զուարթնոց»էն թռիչք-վայրէջք կատարող օդանաւներու թիւը եղած է 6746, որ նախորդ տարուան համեմատ պակսած է 151ով:
Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանը 2006ին սպասարկած է 46.4 հազար ուղեւորի, որ նախորդ տարուան համեմատ աւելի է 300 ուղեւորով: