ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- 2006ին կառավարութեան առընթեր հարկային պետական ծառայութեան կողմէ հաւաքուած են 220 միլիառ 683 միլիոն դրամ (մօտ 604 միլիոն տոլար) եկամուտներ՝ ծրագրաւորուած 220 միլիառ 417 միլիոն դրամի փոխարէն, կամ աւելցուկը կազմած է շուրջ 266 միլիոն դրամ:
2005ի համեմատ փաստացի աճը կազմած է շուրջ 47 միլիառ դրամ (կամ 27%):
Վարչապետ Մարգարեանի ներկայացուցած հաշուետուութեան համաձայն, հարկային եկամուտներու աճը վերջին տարիներու կտրուածքով ունեցած է կայուն եւ համաչափ բնոյթ:
Ըստ հաշուետուութեան, դրական տեղաշարժ արձանագրուած է նաեւ հաւաքագրուած հարկերու կառուցուածքին մէջ, աճած է ուղղակի հարկերու տեսակարար կշիռը (շահութահարկ, եկամտահարկ), ինչը ապահովուած է առանց հարկերու տոկոսներու փոփոխութեան, այլ տնտեսական աճի եւ հարկային վարչարարութեան բարելաւման, ստուերային շրջանառութեան հարկման հաշուին:
Նշենք, որ 2006ին, ծառայութեան կողմէ դատարաններ ներկայացուած բռնագանձման հայցերով ընդունուած է 1021 վճիռ, որոնցմէ 903ը բաւարարուած է: