ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէներէս».- ՀՀ կառավարութեան առընթեր հարկային պետական ծառայութեան մէջ նախորդ տարի կատարուած ներքին վերահսկողական աշխատանքներու ծիրէն ներս կատարուած է 46 ծառայողական քննութիւն, որոնց եզրակացութիւններու հիման վրայ, 115 հարկային ծառայող ենթարկուած է պատասխանատուութեան, իսկ մէկ հոգի գործէ արձակուած է:
2006ին, նոյն ծառայութեան մէջ աշխատելու համար կազմակերպուած է երեք մրցոյթ, որոնց մասնակցած է 594 քաղաքացի: Աշխատանքի ընդունուած է 260 հոգի: Կատարուած է նաեւ 501 ծառայողներու մասնագիտական վերստուգում, որոնցմէ 54ը չեն համապատասխանած իրենց պաշտօնին:
Նախորդ տարի հարկային համակարգի մէջ աշխատանքէ արձակուած է 50 մարդ: