ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին, Հայաստանի 2006ի 10 գլխաւոր իրադարձութիւններն են.-
– A320 հայկական օդանաւի աղէտը Սոչիի մէջ, ոչ նուազ առեղծուածային էր Ազգային ժողովի խօսնակ Արթուր Բաղդասարեանի հրաժարականը եւ իշխող համախոհութեան փլուզումը խորհրդարանական ընտրութիւններէն մէկ տարի առաջ:
– ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ամերիկացի նորանշանակ համանախագահ Մէթիու Պրայզայի շնորհիւ ղարաբաղեան բանակցութիւններու որոշ մանրամասնութիւններու բացայայտումները:
– Պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեանի անդամագրուիլը Հանրապետական կուսակցութեան, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան քաղաքական ասպարէզ մուտքը:
– Բիւզանդի փողոցի, Հիւսիսային եւ Գլխաւոր պողոտայի տուներէն վտարուած բնակիչներու բողոքի ցոյցերը, որոնց իբրեւ արդիւնք համապատասխան որոշում տուաւ Սահմանադրական դատարանը, իսկ խորհրդարանը սեփականութեան վաճառքը հանրային կարիքներու համար՝ ամրապնդեց օրէնքով:
– Տոլարի անկումը 460 դրամէն 360 դրամի:
– Հակառուսական տրամադրութիւններու աճը՝ Ռուսիոյ մէջ հայերու սպանութիւններու պատճառով:
Մշակութային իրադարձութիւններէն՝ առաջին «Հայսուփըրսթար»ը, «Ոսկէ ծիրան» փառատօնը, Անտրէի յաջողութիւնը «Եւրատեսիլ»ին մէջ, բայց ամենայուզիչ մշակութային իրադարձութիւնը, ի հարկէ, Շարլ Ազնաւուրի երեւանեան համերգն էր, իսկ մարզական իրադարձութիւններէն ամենայիշուողը՝ հայաստանցի ճատրակիստներու յաղթանակն էր համաշխարհային ողիմպիականին: