ԳԻՒՄՐԻ, «Նոյեան Տապան».- Դեկտեմբեր 23ին, Գիւմրիի «Օազիս» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի հաւաքականներու մարզիկներու եւ մարզիչներու պարգեւատրման ամանորեայ աւանդական հանդիսութիւնը:
Անոնց շնորհուեցան կոչումներ, յանձնուեցան կառավարական պարգեւներ եւ դրամական մրցանակներ: Պարգեւները յանձնեց նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան: Հանդիսութեան մասնակցեցան պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, մարզական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, մարզիչներ, մարզիկներ եւ լրագրողներ: