Հակառակ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտախաղերու քառորդ աւարտականին իր կրած պարտութեան (Ֆրանսայէն), Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբը 2006 տարեշրջանը աւարտեց ՖԻՖԱի դասաւորման առաջին դիրքին վրայ՝ իր ետին ձգելով աշխարհի ախոյեան Իտալիան, որ սակայն այս տարուան ամենայատկանշական ոստում կատարող խումբը դարձաւ: Իտալիա աւարտախաղերու նախօրեակին կը գտնուէր 12րդ դիրքին վրայ, իսկ անոնց աւարտէն ետք գրաւեց երկրորդ դիրքը։
2006ին Պրազիլ 10 մրցում կատարած է, որոնցմէ միայն մէկը աւարտած է պարտութեամբ։ Մնացեալ ինը մրցումներէն ութն աւարտած է յաղթանակով, իսկ մէկը՝ հաւասարութեամբ։
Երրորդ դիրքը կը գրաւէ Արժանթին, չորրորդ՝ Ֆրանսա, իսկ հինգերորդ՝ Անգլիա։
Հետաքրքրական է, որ աշխարհի առաջին տասը խումբերուն մէջ երկուքը լատինամերիկեան են, մէկը՝ ափրիկեան, իսկ եօթն՝ եւրոպական:
Ստորեւ՝ աշխարհի 10 լաւագոյն խումբերը, ըստ ՖԻՖԱի դասաւորման.
1.- Պրազիլ 1588
2.- Իտալիա 1560
3.- Արժանթին 1551
4.- Ֆրանսա 1523
5.- Անգլիա 1359
6.- Գերմանիա 1350
7.- Հոլանտա 1305
8.- Փորթուկալ 1258
9.- Նիճերիա 1244
10.- Չեխիա 1190