Լրագրողներ առանց սահմանի միջազգային կազմակերպութիւնը տեղեկագիր մը հրապարակեց, որ կ’ըսէ, թէ 2006ը լրագրողներուն համար «ամէնէն մահացու» տարին հանդիսացած է աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր:
Փարիզ հաստատուած կազմակերպութիւնը կը յայտնէ, թէ անցնող տարուան ընթացքին 81 լրագրողներ (որոնցմէ 65ը Իրաքի մէջ) սպաննուած են աշխարհի տարածքին պարտականութեան ճամբուն վրայ: Այս թիւը ամենաբարձրն է 1994էն ի վեր, երբ Ռուանտայի, Ալճերիոյ եւ նախկին Եուկոսլաւիոյ հակամարտութիւնները կը գտնուէին իրենց ամէնէն բուռն հանգրուաններուն:
Տեղեկագիրը կը յայտնէ նաեւ, թէ 871 լրագրողներ բանտարկուած են 2006ին: Ամենաբարձր թիւերը արձանագրուած են Չինաստանի, Քուպայի եւ Եթովպիոյ մէջ: Տեղեկագիրը նաեւ մտահոգութիւններ կը յայտնէ զանազան երկիրներու մէջ մամլոյ բարեկարգումներու եւ ինքնագրաքննութեան կապակցութեամբ եւ կ’աւելցնէ, թէ ժողովրդավար նկատուած կառավարութիւններ շատ քիչ քայլեր առած են պաշտպանելու յատկապէս այն լրագրողները, որոնք սպառնալիքներու ենթարկուած էին Մուհամմէտ մարգարէի ծաղրանկարներուն առնչութեամբ: