ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- 2006ի Դեկտեմբեր 31ի դրութեամբ, Հայաստանի մէջ կը գործեն 21 առեւտրական դրամատուներ՝ 299 մասնաճիւղերով: Կեդրոնական դրամատան տուեալներով, այս դրամատուներու կանոնադրական հիմնադրամը նշուած ժամկէտին կազմած է 80 միլիառ 107 միլիոն 615 հազար դրամ (աւելի քան 222 միլիոն 521 հազար տոլար) եւ մէկ տարուան ընթացքին աճած է 32.9%ով, իսկ 2006ի չորրորդ եռամսեակի ընթացքին՝ 0.6%ով:
Դրամատուներու հաշուեկշռային ընդհանուր դրամագլուխը 2006ի Դեկտեմբեր 31ի դրութեամբ կազմած է 120.27 միլիառ դրամ, որ մէկ տարուան ընթացքին աճած է 26.6%ով, իսկ 2006ի չորրորդ եռամսեակին՝ 2.5%ով:
Հայաստանի առեւտրական դրամատուներու ընդհանուր պարտաւորութիւններու ծաւալը 2006ի Դեկտեմբեր 31ի դրութեամբ կազմած է 404.36 միլիառ դրամ եւ մէկ տարուան ընթացքին աճած է 16.9%ով, իսկ 2006ի չորրորդ եռամսեակին՝ 10.8%ով. ընդհանուր գումարներու ցուցանիշները կազմած են, համապատասխանաբար, 524.63 միլիառ դրամ, 19% եւ 8.8%:
2006ի Դեկտեմբեր 31ի դրութեամբ, առեւտրական դրամատուներու կողմէ յատկացուած վարկերու եւ պարտքերու գումարը կազմած է 298.31 միլիառ դրամ:
Դրամատուներու կողմէ բնակչութեան տրուած վարկերու, աւանդներու եւ տրամադրուած գումարներու ընդհանուր ծաւալը 2006ի Դեկտեմբեր 31ի դրութեամբ կազմած է 243.41 միլիառ դրամ եւ մէկ տարուան ընթացքին աճած է 29.1%ով, իսկ 2006ի չորրորդ եռամսեակի ընթացքին՝ 8.8%ով: Արդիւնաբերութեան ճիւղին տրմադրուած 39.26 միլիառ դրամ գումարը մէկ տարուան ընթացքին աճած է 0.4%ով, իսկ 2006ի չորրորդ եռամսեակին պակսած է 4.8%ով, գիւղատնտեսութեան պարագային 14.2 միլիառ դրամը մէկ տարուան ընթացքին աճած է 25.6%ով, 2006ի չորրորդ եռամսեակին՝ 22.7%ով, շինարարութեան ճիւղի պարագային այդ ցուցանիշները կը կազմեն, համապատասխանաբար, 11.54 միլիառ դրամ, 46.5% եւ 17.5%, փոխադրութեան եւ կապի ճիւղի պարագային, 3.91 միլիառ դրամ, 7.3% եւ 4.8%:
Առեւտուրի ճիւղին Հայաստանի դրամատուները 2006ին տրամադրած են 49.56 միլիառ դրամ, ինչ որ մէկ տարուան ընթացքին աճած է 17.6%ով:
2006ի Դեկտեմբեր 31ի դրութեամբ, առեւտրական դրամատուներու համախառն եկամուտները կազմած են 86.5 միլիառ դրամ՝ նախորդ տարուան նոյն օրուան դրութեան 74.73 միլիառ դրամի դիմաց, այդ ժամկէտներուն համախառն ծախսերը կազմած են 65.46 միլիառ դրամ, զուտ շահը՝ 16.97 միլիառ դրամ, չբաշխուած շահը՝ 16.39 միլիառ դրամ: