ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2006ը բաւական աշխոյժ էր Հայաստանի մարզիկներուն համար, որոնք տարբեր միջազգային մրցումներու ընթացքին նուաճեցին 89 շքանշաններ: Այս մասին յայտնեց մարզական ոլորտի պետական կոմիտէի նախագահի տեղակալ, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ նշեց, որ տեղաշարժ կը նկատուի նաեւ առանձին մարզաձեւերու մէջ: Ան յայտնեց նաեւ, որ 2007ի մրցաշրջանին Հայաստանի մարզիկներուն առջեւ շատ աւելի խիստ պահանջներ պիտի դրուին, որոնցմէ մէկը գլխաւոր ողիմպիական ուղեգիր նուաճելն է: Նշանառու Նորայր Բախթամեան արդէն նուաճած է զայն:
2006ին Հայաստան այցելած են Եւրոպայի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Փաթրիք Հիքին՝ Իրլանտայէն, բռնցքամարտի, պասքէթպոլի, ճիւտոյի Եւրոպայի ընկերակցութիւններու ղեկավարները: Ըստ Ա. Գրիգորեանի՝ 2007ին Հայաստան պիտի հիւրընկալէ շարք մը միջազգային մրցումներ:
Ի դէպ, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէն մեծ գումարներ տրամադրած է մարզական ոլորտի զարգացման համար, իսկ պետական կոմիտէն աւելցուցած է մարզաձեւերու ֆինանսաւորումը: