ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2006ին Կեդրոնական դրամատան կողմէ հրապարակուած է 11 յուշադրամ, որոնցմէ չորսը՝ Կոմիտասի, Ճատրակի 37րդ ողիմպիականի, Յակոբ Գիւրջեանի եւ Ժան Գառզուի ոսկի յուշադրամներ են՝ 10 հազարական դրամ անուանական արժէքով:
Միջազգային ծրագիրներու ծիրէն ներս հրապարակուած են լայնականջ ոզնի, անդրկովկասեան գորշ արջ, միջազգային բեւեռային տարի 100 դրամ անուանական արժէքով արծաթեայ յուշադրամները:
Կեդրոնական դրամատունը Մեսրոպեան գիրերու գիւտի 1600ամեակի կապակցութեամբ հրապարակած է նաեւ Վռամշապուհ արքայ յուշադրամը, հրապարակուած են Արտէմ Միկոյեանի եւ Մարշալ Բաբաջանեանի պատկերով յուշադրամները եւս:
Հայոց պետականութիւն շարքով հրապարակուած է անկախութեան հռչակման 15ամեակին նուիրուած արծաթեայ դրամ՝ 5000 դրամ անուանական արժէքով:
Յուշադրամներու հրապարակման 2007ի ծրագիրով կը նախատեսուի շրջանառութեան մէջ դնել Հայկ Նահապետ, Մատենադարանի հիմնադրման 50ամեակ եւ այլ յուշադրամներ: Միջազգային ծրագիրներու ծիրէն ներս, այս տարի արդէն հրապարակուած է 100 դրամ անուանական արժէքով արծաթեայ կովկասեան անտառակատու եւ միջերկրածովային կրիայ յուշադրամները: Նաեւ, այս տարի կը նախատեսուի հրապարակել «Խնայէք ապահով ըլլալու համար», ինչպէս նաեւ Յովհաննէս Այվազովսքիի յուշադրամները: