ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2007ի Յունուարէն Սեպտեմբեր ամիսներուն գիտական աստիճանի վկայագիր յանձնուած է 431 գիտնականի՝ գիտութեան 39 դոկտորի եւ 392 թեկնածուի: Գիտական կոչման վկայական յանձնուած է 255 գիտնական-մանկավարժի:
Ըստ բարձրագոյն որակաւորման յանձնաժողովի (ԲՈՀ) նախագահ Արմէն Թռչունեանի, գիտական աստիճաններու եւ կոչումներու շնորհման աշխատանքները կը շարունակուին գիտութեան բոլոր բնագաւառներուն մէջ եւ ընդհանուր միտումները դրական են:
Ան յայտնեց նաեւ, որ կը շարունակուի գիտական աստիճաններու հայցումը այլ երկիրներու քաղաքացիներու կողմէ, որ վարկանիշային նշանակութիւն ունի երկիրի գիտական համակարգին համար: 2007ի առաջին ինը ամիսներուն գիտական աստիճաններ ստանալու հայցեր ներկայացուցած են Գերմանիոյ, Թիւրքմէնստանի, Իրանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ, Վրաստանի, Ռուսիոյ 20 քաղաքացիներ:
Յիշեալ ժամանակահատուածին Հայաստանի 22 քաղաքացիներ եւս այլ երկիրներէ տարբեր բնագաւառներու մէջ գիտական աստիճաններ ստացած են, որոնցմէ 16ը Ռուսիոյ գիտական հաստատութիւններէն: Անոնք դիմած են յանձնաժողովին Հայաստանի գիտական աստիճաններուն համապատասխանեցման խնդրանքով: Այս ընթացքին յանձնաժողովին կողմէ չեն հաստատուած մասնագիտական խորհուրդներու 35 որոշումներ, նաեւ՝ գիտական կոչումներու շնորհման 15 գործեր, որոնցմէ երեքը վերաներկայացուած է լրամշակուելէ յետոյ: