ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2007ին Երեւանի ամէնէն աւելի վտանգուած 40 յուշարձաններու նորոգման աշխատանքներ պիտի կատարուին: Կազմուած է իւրաքանչիւր յուշարձանի պատմաճարտարապետական տեղեկագիրը, ճշդուած է տուեալ յուշարձանի պահպանուածութեան աստիճանը սկզբնական կառուցային եւ գեղարուեստական վիճակի համեմատ:
Երեւանի քաղաքապետարանի պաշտօնատարներէն Սամուէլ Դանիէլեանի խօսքերով՝ այդ յուշարձաններու շարքին են հնագիտական եւ միջնադարեան կառոյցներ՝ Աւանի Ս. Կաթողիկէ, Ս. Աստուածածին, Ծխական, Ս. Յովհաննէս եկեղեցիները, Կարմիր կամուրջը, նաեւ Գետառ գետի կամուրջներէն մէկը: Ծրագրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ նորագոյն ժամանակահատուածի կառոյցներ՝ Երեւանի աստղադիտարանի, առաջին ջրելեքտրակայանի շէնքը, շարք մը բնակելի տուներ քաղաքի կեդրոնին եւ յարակից տարածքներուն մէջ:
Ի դէպ, Երեւանի 950 յուշարձան կարիք ունի յաւելեալ ուսումնասիրութեան, որպէսզի ամբողջացուի վտանգուածներու ցուցակը: