ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Եւրոպական յանձնաժողովը Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան (ԵՀՔ) ամրապնդման նոր ուղիներ կ’առաջարկէ: Այս մասին յայտարարուած է Եւրոպական յանձնաժողովի հայաստանեան գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ եւ նշուած է, որ ԵՀի աջակցութեան ծիրէն ներս, 2006ին Հայաստանին յատկացուած է 17 միլիոն եուրօ, իսկ 2007ին կը նախատեսուի տրամադրել 21 միլիոն եուրօ:
ԵՄ-Հայաստան ԵՀՔ գործողութեան ծրագիրով նախատեսուած բարեփոխումներու առաջնահերթութիւններն են՝ պետական կառոյցներու ամրապնդումը, տնտեսական եւ ընկերային զարգացմանը (ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան) աջակցութիւնը, տարածաշրջանային գործակցութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծումին նպաստելը:
Ըստ նոյն աղբիւրի, Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու իրականացման նպատակով ԵՄը աջակցած է տարբեր ոլորտներու՝ տնտեսական, քաղաքական, կրթական եւ այլն: