ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութիւնը 41 միլիոն դրամ յատկացուց Սեւանի ափամերձ տարածքներու, լիճը եզերող ծառերու եւ թուփերու մաքրութեան եւ հեռացման համար:
Ըստ բնապահպանութեան նախարարութեան, Սեւանայ լիճին վերջին երեք տարիներուն 2.26 մեթր բարձրանալուն զուգահեռ, ջրամոյն եղած են 250-300 հեքթար ափամերձ անտառաշերտեր: Անոնցմէ 2006ին մաքրուած է 96 հեքթարը, իսկ մինչեւ տարեվերջ պիտի մաքրուին եւս 95 հեքթար տարածքներ:
Վերոնշեալ քայլերուն զուգահեռ, ջրածածկումէն չվտանգուող ափերուն վրայ այժմ կը կատարուին նաեւ անտառատնկման, բոյսերու խնամքի աշխատանքներ, որոնք կը կատարէ ափամերձ բնակչութիւնը:
Նշենք, որ Սեւանայ լիճի բնապահպանական վիճակը բարելաւելու նպատակով, բնապահպանութեան նախարարութեան կողմէ արդէն մշակուած է լիճի բնապահպանական հաւասարակշռութեան վերականգնման քայլերու ծրագիր: