ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայանտառ» պետական ոչ առեւտրական կազմակերպութիւնը (ՊՈԱԿ) պետական ամավարկէն եւ Ճափոնի կառավարութեան դրամաշնորհով, այս տարի ծառատնկումի, բնական վերաճի աշխատանքներ պիտի կատարէ 22 անտառային հաստատութիւններու աւելի քան 6550 հեքթար տարածքներու մէջ:
Ըստ «Հայանտառ»ի գլխաւոր անտառապետ Ռուբէն Պետրոսեանի, աշխատանքներ պիտի կատարուին Գուգարքի, Սիսիանի, Ճամբարակի, Սեւքարի, Գորիսի անտառներուն մէջ: Լոռիի, Տաւուշի, Կոտայքի նոր անտառատարածքներուն մէջ բոխիի, կաղնիի, հաճարենիի, ընկուզենիի, հացենիի, տանձենիի ծառերէն բացի, պիտի տնկուին նաեւ գեղազարդող ծառատեսակներ ու բոյսեր, եւ անտառատարածքները պիտի ցանկապատուին փշալարով: Ծառատնկումի, անտառի վերաճին նպաստող, ցանկապատման, ոռոգման, խնամքի աշխատանքներ պիտի կատարուին նաեւ Երեւանին յարող, ինչպէս նաեւ Արզնիի եւ Նորքի անտառագօտիներուն մէջ: