ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2007-2008ի մշակոյթի բնագաւառի միջնաժամկէտ ծրագիրով մշակոյթի պետական ծախսերու տեսակարար կշիռը համախառն ներքին արտադրանքին մէջ պիտի կազմէ համապատասխանաբար 0.3 եւ 0.29 տոկոս: Կառավարութեան 2006-2008 միջնաժամկէտ ծախսային ծրագիրով մշակոյթի բնագաւառին (ներառեալ կառավարման համակարգի եւ շինարարութեան ծախսերը) նախատեսուած է յատկացնել 2007ին 7.66, իսկ 2008ին՝ 7.86 միլիառ դրամ:
Ծախսերու աճը 2007ին 2006ի համեմատ կը կազմէ 4 տոկոս, իսկ 2008ին 2007ի համեմատ՝ 2.6 տոկոս: Ըստ ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան, 2006-2008ին մշակոյթի բնագաւառին յատկացումներու աճը պիտի կազմէ 17.81 միլիառ դրամ: