ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Քաղաքացիներու առաջարկներու, դիմումներու եւ բողոքներու քննարկման կարգի մասին օրէնքին համաձայն՝ կառավարութեան աշխատակազմը հրապարակած է 2007ի 2րդ եռամսեակին ստացած նամակներու քննարկման արդիւնքներուն մասին համառօտ տեղեկատուութիւն:
Ըստ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան, կառավարութեան աշխատակազմը վերոյիշեալ ժամանակին ստացած է 6898 նամակ, որմէ՝ 18 առաջարկ, 6820 դիմում, 60 բողոք:
Նամակներուն մէջ բարձրացուած են ընկերային, տնտեսական, բնակարանային, առողջապահական, օրէնսդրական եւ այլ բնոյթի հարցեր:
Բոլոր նամակները սահմանուած կարգով քննուած են կառավարութեան աշխատակազմի ստորաբաժանումներուն, համապատասխան նախարարութիւններուն, գերատեսչութիւններուն, մարզպետարաններուն եւ Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ, որմէ յետոյ դիմողներուն տրուած է պատասխան: