ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2007ին պետական ամավարկէն տրամադրուած 135.4 միլիոն դրամով պիտի հրատարակուի շուրջ 122 անուն գիրք՝ 38 մանկապատանեկան, 40 գեղարուեստական, 14 գիտահետազօտական, 16 թարգմանական, եօթական հանրագիտարանային ու յոբելենական գրականութենէն:
Ըստ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան տուեալներուն, 2006ին պետական պատուէրով տպագրուած է 137 անուն գիրք, մարզերուն մէջ մշակոյթի զարգացման ծրագիրով հրատարակուած են նաեւ «Գրական Լոռի», «Գրական Տաւուշ» եւ «Գեղամայ աշխարհ» ժողովածուները:
Նախարարութեան ենթակայութեան տակ գտնուող գրադարաններուն յաջորդ տարի պիտի յատկացուի 653 միլիոն դրամ, որ պիտի տրամադրուի անոնց կայուն գործունէութիւնը ապահովելու ձեռնարկներուն եւ անհրաժեշտ գրականութիւն ստանալու համար:
47 պետական թանգարաններու պահպանութեան համար 2007ին պետական ամավարկէն պիտի յատկացուի 937 միլիոն 576 հազար դրամ: