ՔԱՊՈՒԼ, ՔԱՆՏԱՀԱՐ, «Ռոյթըրզ».- Հարաւային Աֆղանիստանի մէջ օրերէ ի վեր շարունակուող բուռն բախումները Չորեքշաբթի, Յունիս 20ին 21 զոհեր եւս խլեցին թալեպաններու շարքերէն, մինչ այլ յարձակումի մը ընթացքին երեք քանատացի զինուորներ սպաննուեցան: Չորեքշաբթի օր թալեպանները ստանձնեցին նաեւ Խոսթ նահանգի մէկ շրջանին ոստիկանապետին սպանութեան պատասխանատուութիւնը:
«Թալեպան» շարժումը յաջողած է գրաւել հարաւային Աֆղանիստանի Քանտահար նահանգի մէկ շրջանը:
Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին թալեպան զինեալները յաջողած են կարգ մը շրջաններ գրաւել, սակայն անոնցմէ միայն մէկը յաջողած են իրենց հակակշիռին տակ պահել:
Քանտահարի ոստիկանապետ զօր. Էսմաթուլլա Ալիզայի խոստովանեցաւ, որ Միանիշէն շրջանը այժմ անցած է թալեպաններու վերահսկողութեան տակ: Ան յայտնեց, որ ոստիկանութիւնը մարտավարական քայլով մը հեռացած է շրջանէն, սակայն շուտով պիտի վերատիրանայ անոր: «Թալեպան»ի բանբեր մը յայտնեց, որ իրենց զինեալները չորս օր տեւած կռիւներէ ետք գրաւած են Միանիշէնը:
Կը կարծուի, որ Չորեքշաբթի օրուան բախումներէն առաջ սպաննուած են նաեւ 60 քաղաքայիններ, 30 թալեպաններ, որոնց շարքին կարեւոր հրամանատար մը, ինչպէս նաեւ 17 աֆղան զինուորներ: Շաբաթասկիզբը սպաննուած էր նաեւ հոլանտացի զինուոր մը:
Միւս կողմէ՝ մարդասիրական օժանդակութեանց կազմակերպութիւններ յայտնեցին, որ 2007 թուականի սկիզբէն ի վեր միջազգային եւ աֆղան կառավարական ուժերը 230 քաղաքացիի մահուան պատճառ դարձած են: Աֆղան օժանդակութեան գործակալութեանց համակարգիչ մարմինը յայտնեց. «Չափազանցուած եւ անհաւասար ուժի գործածութիւնը ոչ միայն ապօրինի եւ սխալ է, այլ նաեւ ապարդիւն»: Բանբեր մը աւելցուց, թէ այդպիսի յարձակումները միջազգային ուժերուն նկատմամբ թշնամանք կը սերմանեն եւ մարդասիրական օժանդակութեան գործը աւելի եւս կը դժուարացնեն:
Յայտնենք, թէ Աֆղանիստանի սահմանակից հիւսիսարեւմտեան Փաքիստանի մէջ 32 հոգի սպաննուած էին Երեքշաբթի օր տեղի ունեցած ռմբակոծումի մը պատճառով, որու թիրախը «Քայիտա»ի հսկողութեան տակ գտնուող կրօնական վարժարանի մը մէջ: