ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Վարակիչ կակղամորթախտը (Molluscum contagiousum) մորթային վարակիչ հիւանդութիւն մըն է: Անոր յարուցիչը (causative agent) յատուկ ժահր մըն է, որ ունի չորս տարբեր խմբաւորումներ:
Այս ժահրը կը հարուածէ միայն մարդ արարածը եւ անիկա կ՛ապրի առաւելաբար խոնաւ, տաք եղանակներուն եւ խճողուած վայրերու մէջ:
Ժահրը կը հարուածէ միայն մորթի մակերեսը, անիկա մարմինին մէջ չի տարածուիր:
Վարակիչ կակղամորթախտը շատ տեսնուած մորթային հիւանդութիւն մըն է: Անիկա կը պատահի անխտիր բոլոր երկիրներուն մէջ եւ որեւէ մէկ տարիքի՝ առանց սեռի խտրութեան, բայց առաւելաբար մանուկներու՝ 1-10 տարիքներուն միջեւ, տկար վարակամերժողականութիւն ունեցողներու (immunity), ձեռքբերովի վարակամերժութեան անբաւարարութեան համախտանիշ (AIDS), մարդկային վարակամերժութեան անբաւարարութեան ժահրով (HIV) տառապողներու եւ քաղցկեղի դարմանումի մէջ գտնուող հիւանդներուն:
Վարակիչ կակղամորթախտը կը յատկանշուի մորթի մակերեսի մէկ կամ մէկէ աւելի վէրքերով՝ թարախափշտիկներով (pustules), որոնք ցաւ չեն պատճառեր, սակայն կրնան յառաջացնել տեղային քերուըտուք: Քերելով այս վէրքերը կը յառաջանայ երկրորդական բորբոքում, որ պատճառ կը դառնայ մորթի սպիացումին (scarring):
Վէրքերը կրնան յայտնուիլ մարմինի որեւէ մէկ բաժինին վրայ, մանաւանդ՝ իրանին (trunk), բազուկներուն, աճուկին (groin) եւ սրունքներուն վրայ: Շատ հազուագիւտ պարագաներու, անոնք կրնան յայտնուիլ աչքին շուրջը, կոպերուն վրայ եւ բերանի ու քիթի խլնաթաղաթանթին (mucous membrane) վրայ: Յաճախ այս վէրքերը ջրակոծիծ (water warts) կը կոչուին: Վէրքերը կ՛ըլլան գմբէթաւոր, մորթի գոյն, մարգարիտանման կամ բաց վարդագոյն: Անոնք կը պարունակեն ճերմակ ճարպաթարախ, ուր կ՛ապրին յարուցիչ ժահրերը: Վէրքերը վարակիչ են մինչեւ որ անհետանան: Իրաքանչիւր վէրքի մակերեսը կ՛ունենայ փոսիկ մը: Վէրքերուն մեծութիւնը կը տարուբերի գնդասեղի մը գլխու չափէն մինչեւ 5 մմ.:
Վարակիչ կակղամորթախտը կը փոխանցուի անձէ անձ ուղղակիօրէն: Փոխանցումը կ՛ըլլայ դպնալով ախտահարուած անհատի վէրքերուն: Անիկա կը փոխանցուի սեռային յարաբերութեամբ, եթէ վէրքը գտնուի տղամարդոց առնանդամին եւ կիներուն ու աղջիկներուն իգափողին-հեշտոցին (vagina ), ամօթոյքին (vulva) վրայ:
Յաճախ վարակուած անհատը քերուըտուքի պատճառով կը քերէ մորթային վէրքերը եւ կը վիրաւորէ զանոնք ու պատճառ կը դառնայ վէրքերուն ժահրերով հարուստ հեղուկի արտահոսումին: Այս պարագային տեղի կ՛ունենայ ինքնավարակում (auto-inoculation), այսինքն նոր վէրքեր կը յայտնուին մարմինի այլ բաժիններուն վրայ: Այս մէկը կը յառաջանայ դպնալով այդ հեղուկին եւ փոխադրելով թարախոտ հեղուկն ու ժահրերը մատներու միջոցաւ: Այս թարախոտ հեղուկը կրնայ կեդրոնանալ կամ փոխադրուիլ անհատի սպասներուն կամ մանուկին խաղալիքներուն, ինչպէս նաեւ անոնց բաղնիքը, աւազանը եւ լոգարանը: Ուստի, առողջ անձ մը՝ դպնալով այս վարակուած սպասներուն, խաղալիքներուն կամ նոյն բաղնիքը կամ աւազանը գործածելով, կրնայ շատ դիւրաւ վարակուիլ այս հիւանդութեամբ:
Վարակիչ կակղամորթախտը, բացի մորթի մակերեսային անցաւ վէրքերէն, հիւանդագին այլ հարցեր չի յառաջացներ: Վէրքերը ինքնաբերաբար, ժամանակի ընթացքին կ՛անհետանան, առանց որեւէ մէկ դեղի գործածութեան:
Վարակիչ կակղամորթախտի ախտաճանաչումը կը կատարուի պարզապէս տեսնելով բացայայտ եւ յատկանշական մորթային վէրքերը: Անոր յարուցիչ ժահրը կարելի չէ մշակել: Սակայն կարելի է վէրքէն կտոր մը վերցնել-կենսահերձում կատարել (biopsy) եւ տեսնել ժահրը:
Վարակիչ կակղամորթախտը յատուկ դեղադարման չունի: Անոր դէմ պատուաստ ալ չկայ: Սակայն կան այլ դարմանամիջոցներ, որոնք երբեմն կը կիրարկուին, ինչպէս՝
1. Պնդիչ (astringent) նիւթերու գործածութիւն.
2. Վիրաբուժական դարմանամիջոց՝ սառնաբուժում (cryosurgery) հեղուկ բորոկածինի (nitrogen) գործածութեամբ, քերթելով վէրքը փորիչի (curret) գործածութեամբ: Այս երկու միջոցառումները կը յառաջացնեն մորթի սպիացում եւ մորթի բնական գոյնի կորուստ այլափոխում.
3. Լազերի (lazer) գործածութիւն.
Յանձնարարելի է ծածկել վէրքերը, որպէսզի վարակուած անհատը սխալմամբ չդպնայ իր վէրքերուն եւ չվիրաւորէ զանոնք:
Վարակուած մանուկը կրնայ դպրոց երթալ կամ մանկամսուր, պայմանաւ որ վէրքը ծածկուած ըլլայ կապօգնականով (band aid):
Այս հիւանդութեամբ վարակուած անհատը ախտամերժութիւն չ՛ունենար: Ան կրնայ երկրորդ անգամ ախտահարուիլ այս հիւանդութեամբ, եթէ ուղղակի հպում ունենայ վարակուած անհատի մը հետ:
Այս հիւանդութեամբ վարակուած անհատը ինքնաբերաբար պէտք է հետեւի կարգ մը կանխազգուշական միջոցներու, ինչպէս՝ ձեռքերը յաճախ լուալ, վէրքերը մաքուր պահել եւ վէրքերը կապօգնականով ծածկել:
Իսկ առողջ մարդիկ, որպէսզի չվարակուին այս հիւանդութեամբ, նմանապէս պէտք է առնեն որոշ կանխազգուշական միջոցներ, ինչպէս՝ վարակուած անհատին հետ հպում եւ սեռային յարաբերութիւն չունենալ, անոր սպասները, անկողինը հագուստները եւ լոգարանը կամ աւազանը չգործածել: