ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ձայնալարերը կը գտնուին խռչափողին խռչակին (larynx) մէջ: Անոնց մասին խօսելէ առաջ, հարկ է, որ ամփոփ ձեւով խօսինք խռչափողի մասին:
Խռչափողը կը կազմէ շնչափողի (trachea) վերին բաժինը: Անիկա կը գտնուի շնչափողին եւ ըմբանին միջեւ եւ վիզին առաջամասը: Անոր սահմաններն են՝ վերէն ենթաըմբանը (hypopharynx), վարէն՝ շնչափողը, առջեւէն՝ վիզի երկու մկանները եւ վահանագեղձը (thyroid gland) ու ետեւէն՝ որկորի վերի բաժինը: Խռչափողը կազմուած է կմախքէ (skeletal) եւ մկանային մասերէ: Կմախքը բաղկացած է անզոյգ եւ զոյգ աճառներէ (cartilage): Անզոյգ աճառներն են՝ մակալեզուակը (epiglottis), վահանաճառը (thyroid bone) եւ մատանիաճառը (cricoid bone). իսկ զոյգ աճառներն են՝ շերեփաճառները (arytenoid cartilages), եղջերաճառները (corniculate cartilages) եւ սեպաճառները (cuneiform cartilages): Մակալեզուակը կը գտնուի խռչափողի վերի մասը եւ կը ծառայէ որպէս կափարիչ՝ պէտք եղած միջոցին գոցելու եւ պաշտպանելու համար խռչափողը: Մնացեալ աճառները իրարու կապուած են կապաններով (ligaments) եւ լորձնաթաղանթային ծալքերով: Խռչափողը իր շրջապատին կապուած է արտաքին մկաններով, որոնց միջոցաւ կը շարժի վեր եւ վար: Անիկա ունի նաեւ ներքին մկաններ: Խռչափողը ունի երկու իսկական ձայնալարեր (true vocal cords), որոնք կը գտնուին խռչափողին սկիզբը: Անոնք ունին հորիզոնական դիրք, կապուած են խռչափողի առաջամասին եւ յետնամասին: Անոնք կը շարժին կամովին խռչափողի ներքին մկաններու պրկումներով՝ ուղեղէն եկած հրահանգներուն համաձայն, եւ կ՛արտադրեն զանազան ելեւէջներով եւ ուժգնութեամբ ձայներ: Տղամարդիկ եւ կիներ ունին տարբեր չափի ձայնալարեր: Անոնք աւելի մեծ են տղամարդոց մօտ, քան՝ կիներուն: Չափահաս տղոց մօտ անոնք կ՛ըլլան մօտաւորապէս 17-25 մմ. երկարութեամբ, իսկ չափահաս կիներուն մօտ՝ մօտաւորապէս 12.5-17.5 մմ.: Անոնք կազմուած են ճերմակ շարակցական (connective tissue) թելերէ եւ շրջապատուած են բարակ թաղանթային ծալքով: Իսկական ձայնալարերուն միջեւ եղած բացութիւնը կը կոչուի ձայնաճեղք (glottis): Ներքին մկանները կը ծառայեն ձայնալարերու շարժման եւ ձայնաճեղքի լայնացումին ու նեղացումին: Իսկական ձայնալարերու վերեւը կը գտնուին ոչ-իսկական ձայնալարերը (false vocal cords), որոնք խլնաթաղանթային ծալքեր են: Անոնք ոչ մէկ դերակատարութիւն ունին ձայնի արտադրութեան հետ: Իսկական եւ ոչ-իսկական ձայնալարերուն միջեւ եղած փոսիկը կը կոչուի խռչափողային ծոց (laryngeal ventricle): Խռչափողի լորձնաթաղանթը (mucous membrane, epithelium) ըմբանի լորձնաթաղանթի շարունակութիւնն է:
Խռչափողը կը բաժնուի չորս մասերու՝
1. Խռչափողի նախադուռը, որ կը կազմէ մակալեզուակի եւ կեղծ ձայնալարերուն միջեւ եղած տարածքը.
2. Խռչափողի խոռոչը, որ կը կազմէ կեղծ ձայնալարերուն եւ իսկական ձայնալարերուն միջեւ եղած տարածքը.
3. Հագագաձայնալարային, այսինքն՝ ձայնալարերը եւ ձայնաճեղքը.
4. Ենթաձայնալարային տարածք, որ ձայնալարերուն անմիջապէս տակի տարածքն է:
Խռչափողը աջ եւ ձախ կողմէն ունի հաւասարապէս երկու ջիղեր՝ վերին եւ ստորին:
Իւրաքանչիւր վերին ջիղ կը բաժնուի երկու ճիւղերու, որոնցմէ առաջինը զգայական (sensory) ջիղ է եւ կը ջղաւորէ խռչափողի ներքին մակերեսը, իսկ երկրորդը շարժական (motor) ջիղ է եւ կը ջղաւորէ խռչափողի արտաքին մկանները: Ստորին ջիղը շարժական է եւ կը ջղաւորէ ներքին մկանները:
Խռչափողը ունի երեք բնախօսական (physologic) պաշտօններ.
1. Շնչառական պաշտօն
Քիթէն եւ բերանէն ներշնչուած օդը անցնելով խռչափողէն կը հասնի շնչափող եւ ապա՝ թոքեր: Շնչառութեան ընթացքին երկու ձայնալարերը պրկուելով կը հեռանան իրարմէ. եւ ձայնային ճեղքը կը մնայ բաց: Հետեւաբար, օդի ներշնչումը կը կատարուի հանգիստ եւ ամբողջական: Ներշնչումի ընթացքին ձայնային ճեղքը կ՛ըլլայ եռանկիւնաձեւ:
2. Պաշտպանողական պաշտօն
Բերանին մէջ գտնուած կերակուրը կլլուելու ընթացքին խռչափողը կը խցուի, որպէսզի կերակուրի պատառիկները խռչափող մտնելով թոքերուն չհասնին: Այս գործողութիւնը կ՛իրականանայ հետեւեալ ձեւով խռչափողը կը տեղափոխուի իր սովորական վայրէն եւ վեր կ՛ելլէ, մակալեզուակը կը ծածկէ խռչափողի անցքը, եւ իսկական ու կեղծ ձայնալարերը պրկուելով կը խցեն խռչափողին անցքը: Այս միջոցին ակնթարթի մը չափ շնչառութիւնը կը դադրի: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան ակամայ, անգիտակցաբար եւ անկախ մեր կամքէն: Կուլ տալու ընթացքին եթէ խօսինք, իսկական եւ կեղծ ձայնալարերը անգիտակցաբար կը հեռանան իրարմէ, ձայնաճեղքը կը բացուի եւ ենթաըմբանին մէջ գտնուած կերակուրի կտորիկներ կը մտնեն խռչափող: Այս միջոցին խռչափողի վերի բաժինին խլնաթաղանթը կը գրգռուի, որուն պատճառով կը յառաջանայ հակադարձային (reflex ) հազ:
3. Ձայնային պաշտօն
Ձայնը կը յառաջանայ իսկական ձայնալարերու պրկումներով եւ թրթռացումներով: Ձայնալարերը ի-րարու կը մօտենան եւ անոնց հասակն ու հաստութիւնը կը փոխուին, իսկ թոքերէն դէպի վեր մղուած օդը իր ուժով կը թրթռացնէ ձայնալարերը: Այս ձայնի արտադրութիւնը կը կոչուի ձայնատուութիւն (phonation):
Ձայնը ունի երեք յատկութիւններ.
1. Ուժգնութիւն (intensity), որ կախեալ է արտաշնչուող օդի ճնշումէն եւ ձայնալարերու լարուածութենէն եւ թրթռացումէն:
2. Ձայնի բարձրութիւն-ձայնաստիճան (pitch). անիկա կախեալ է ձայնալարերու հասակէն, լարուածութենէն, թրթռացումի քանակէն եւ արտաշնչուող օդի ուժէն: Երեխային ձայնը կ՛ըլլայ բարձր, որովհետեւ անոր ձայնալարերը կ՛ըլլան կարճ: Արբունքի շրջանի աճումով, տղամարդոց ձայնալարերը կ՛երկարին, եւ հետեւաբար, անոնց ձայնաստիճանը կը նուազի եւ ձայնը կ՛ըլլայ հաստ:
3. Արագութիւն (velocity). երգիչներու ձայնը ունի այլ յատկութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ ծաւալ, կշռոյթ (rhythm), ելեւէջ (intonation), ձայնեղանակ (tone), որակ (timbre), հնչողութիւն, գեղեցկութիւն, երանգ եւ ճկունութիւն:
Մեր արտադրած ձայնը կ՛ըլլայ՝
1. Կրծքային, ուր մեծ քանակութեամբ օդ կը կուտակուի թոքերուն մէջ.
2. Խռչափողային, ուր խռչափողը լարուած վիճակի մէջ կ՛ըլլայ եւ խռչափողի բոլոր մկանները կը գործեն կատարելապէս.
3. Գլխային. ձայնալարերը մարմինի բոլոր օրկաններուն նման կ՛ախտահարուին զանազան ձեւերով:
Ձայնալարերու հիւանդութիւններէն կարելի յիշել հետեւեալները.
Ա. Ձայնալարերու անդամալուծութիւն (vocal cord paralysis). անկա հետեւանքն է խռչափողի շարժական ջիղերու անբնական գործունէութեան, որ կը յառաջանայ հետեւեալ ազդակներով.
ա. Խռչափողի շարժական ջիղի ուղղակի վիրաւորանք-վնաս: Այս մէկը տեղի կ՛ունենայ՝
1. Վիզի վիրաբուժական գործողութիւններու ընթացքին եւ յատկապէս վահանագեղձի վիրահատման (thyroidectomy) ընթացքին.
2. Վիզի զանազան ուռերու ճնշումով.
բ. Վիզի արտաքին հարուած, վնաս վիրաւորում.
գ. Խռչափողի պրկում կծկում (spasm ), ուր տեղի կ՛ունենայ ձայնալարերու զօրաւոր կծկումներ: Անիկա առաւելաբար կը պատահի մանուկներու նոպայական ձեւով եւ տարբեր ուժգնութեամբ:
դ. Ուղեղային եւ թոքային ուռեր, որոնք կը ճնշեն ձայնալարերու շարժուն ջիղերուն վրայ եւ պատճառ կը դառնան անոնց անգործութեան.
ե. Ոչ օրկանային պատճառներով ձայնալարերու անշարժութիւն. անիկա կը պատահի հետեւեալ ձեւերով՝
1. Առողջ չափահաս անձ մը կամովին եւ իր ուզած ատենը իր հակակշիռին տակ կը պահէ իր ձայնալարերը եւ կը յառաջացնէ ժամանակաւոր ձայնալարերու անդամալուծութիւն.
2. æղացնցային (hysterical) անդամալուծութիւն, որ կը յառաջանայ ակամայ ջղացունց անհատներու մօտ.
3. Հոգեբանական եւ հոգեկան այլ խանգարումներու հետեւանքով.
4. Անակնկալ սարսափի, ահի եւ վախի պատճառներ.
զ. Ձայնալարերու վատորակ ուռեր (malignant tumor, cancer)։
(Վերջը յաջորդիւ)